Առաջնորդարանէն

ՆԿԱՐԻՉ ՍԱՐԳԻՍ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՄԷԿ ԳՈՐԾԻՆ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ

Հինգշաբթի, 15 Յունիսին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց այցելութիւնը Մայքլ եւ Ճոն Եօթնեղբայրեան եղբայրներուն, որոնք Ազգային Առաջնորդարանին նուիրեցին յայտնի նկարիչ Սարգիս Խաչատուրեանի (1886-1947) մէկ գործը՝ Աւետիս Ահարոնեանի նկարը։ Նուիրատուները ազգականական կապ ունին Ուրֆայի հերոսամարտի ղեկավար՝ Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանին։

Խաչատուրեանի գործը, որ հաւանաբար նկարուած է 1920ական թուականներու սկիզբներուն, պատկանած էր Եօթնեղբայրեան եղբայրներու հօրաքրոջ՝ հանգուցեալ տիկ. Վըրճինիա Գրպէյքեանին, որ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) երկարամեայ գործօն անդամ ու երեսփոխան եղած է, եւ փափաք յայտնած, որ նկարը Առաջնորդարանին նուիրուի։

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց արժէքաւոր նուիրատուութեան համար եւ ոգեկոչեց տիկ. Գրպէյքեանի յիշատակը։