Եփեսոսի տիեզերական ժողովը երրորդն է՝ Նիկիոյ (325) եւ Կ. Պոլսոյ (381) ժողովներէն ետք, որ ընդունուած է Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ։ Տեղի ունեցած է 431ին, քանի մը նիստերով, Եփեսոսի (Փոքր Ասիա) Աստուածամօր եկեղեցւոյ մէջ։
Ժողովը գումարուած է երբ Կիւրեղ Աղեքսանդրիացի հայրապետը կոչ ուղղած է Հռոմի Պապ Կեղեստինոս Ա.ին, որ դատապարտէ Պոլսոյ Նեստոր Պատրիարքը իբրեւ հերետիկոս, քանի որ վերջինս կը մերժէր Ս. Կոյս Մարիամը Աստուածածին (theotokos) կոչել։ Նեստոր համոզած է զինք նշանակած Բիւզանդիոնի Թէոդոս Բ. կայսրը (408-450), որ ժողով մը գումարէ հարցը լուծելու համար։ Աստուածաբանական բաժնի կողքին, Եփեսոսի ժողովը յաճախ կը նկատուի իբրեւ Աղեքսանդրիոյ (Կիւրեղ) եւ Ասորիքի (Նեստոր) քրիստոնէական դպրոցներու իշխանութեան, ինչպէս եւ Հռոմի ու Պոլսոյ հեղինակութեան պայքարի արտայայտութիւն մը։
Նեստոր ընդգծած է Յիսուսի մարդկութիւնը, եւ ըստ այնմ, Ս. Կոյս Մարիամի համար գործածած է Քրիստոսածին (christotokos) գաղափարը Աստուածածնի փոխարէն։ Ան նաեւ պնդած է, որ միայն Քրիստոսը մեռած է Խաչին վրայ եւ ո՛չ թէ Աստուած։ Կիւրեղն ու իր կողմնակիցները առարկած են նման տարբերակումներու՝ Յիսուսի աստուածային եւ մարդկային բնութիւններուն միջեւ։
Ժողովի կազմը մեծ վիճաբանութիւն տեղի տուած է, երբ Կիւրեղ բացումը կատարած է 22 Յունիս, 431ին, Անտիոքի եպիսկոպոսներու պատուիրակութեան մը բացակայութեան, որ Նեստորի զօրավիգ կանգնած պիտի ըլլար։ Իբրեւ հետեւանք, Յովհաննէս Անտիոքացի հայրապետը մրցակից ժողով մը գումարած է, որ դատապարտած է Կիւրեղն ու իր կողմնակիցները։
Եփեսոսի տիեզերական ժողովը, որուն վճիռը դատապարտած է Նեստորը 198 եպիսկոպոսներու ստորագրութեամբ, ի վերջոյ ընդունուած է կայսեր կողմէ եւ հաստատուած՝ պապին կողմէ, բայց անոր որոշումները տեղի տուած են նեստորական հերձուածին եւ Արեւելքի Ասորական Եկեղեցւոյ բաժանումին Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիէն։ Եփեսոսի ժողովը իբրեւ տիեզերական կ՚ընդունուի Յոյն Ուղղափառ, Արեւելեան Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ կարգ մը աւանդական բողոքական եկեղեցիներու կողմէ։
Հայ Եկեղեցին Եփեսոսի ժողովին չէ մասնակցած, բայց ընդունած է անոր հեղինակութիւնը։ Ըստ Կորիւնի եւ Մովսէս Խորենացիի վկայութիւններուն, Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոս եւ Մեսրոպ Մաշտոց ժողով գումարած են Աշտիշատի մէջ (435), ընդունելով Եփեսոսի ժողովի վեց կանոններն ու որոշումները։