Մեր դպրոցներէն

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՎԵՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ «ԶՐՈՒՑԵՆՔ» ՇԱՐՔԻ ԱՌԱՋԻՆ ԳՐՔՈՅԿԸ

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի «Զրուցենք» (“Let’s Chat”) շարքի առաջին գրքոյկը, որ լոյս տեսած էր 2016ին եւ սպառած, բազմաթիւ յաւելումներով վերստին հրատարակուեցաւ։ Շարքը բացառիկ ընդունելութեան արժանացած է հայերէն սորվողներու կողմէ, որոնք մատչելի աղբիւր մը կը փնտռեն լեզուն սորվելու համար։ Սոյն շարքը նաեւ կը գործածուի կարգ մը դպրոցներու կողմէ։ Ցարդ լոյս տեսած չորս գրքոյկները բաժնուած են տարբեր նիւթերու, որոնք բազմաթիւ կարճ զրոյցներ կը ներկայացնեն առօրեայ կեանքի մասին։ Գրութիւնները ներկայացուած են հայերէն, տառադարձութեամբ եւ անգլերէն թարգմանութեամբ, ինչ որ կ՚ապահովէ, որ կրնան գործածուիլ ինքնուսուցման համար։ Չորրորդ գրքոյկը նուիրուած է հայկական տօներու։ Քաջալերուելով շարքի խանդավառ ընդունելութենէն, Ուսումնական Խորհուրդը ձեռնարկած հինգերորդ գրքոյկի պատրաստութեան։

«Զրուցենք» շարքի առաջին գրքոյկը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն առցանց կերպով կամ գրելով books@armenianprelacy.org։ Կարելի է նաեւ հեռաձայնել գրախանութին 212-689-7810 թիւին։ Շարքի միւս գրքոյկներն ալ կարելի է ապսպրել նոյն ձեւով։