Մեր ծուխերէն

ՈՒՇ ԼԻՆԻ, ԱՆՈՒՇ ԼԻՆԻ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՀԱՇՄԱՆԴԱՄ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ ՅԱՏՈՒԿ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺ ՄԸ

Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի օրհնութեամբ եւ Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի ներկայութեամբ, 28 Յունուար, 2019ին յատուկ հանգանակութիւն մը տեղի ունեցած էր Նիւ Ճըրզի, «Գրիչեան» ճաշարանին մէջ, հիւրընկալութեամբ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհն. եւ Երէցկին Էօժէն Լագիսեանի եւ տէր եւ տիկ. Յովհաննէս եւ Մարալ Տողրամաճեանի:

Հանգանակութեան նպատակն էր Արցախի ազատամարտիկ հրամանատարներէն Աշոտ Նիկողոսեանին տրամադրել անդամալոյծի յարմարութիւններով օժտուած ինքնաշարժ մը: Աշոտ Նիկողոսեան վիրաւորուած էր 1994 թուականին, որմէ ետք գամուած էր անուասայլակին, ողնայարէն վիրաւորուած ըլլալուն պատճառաւ: Կ՛աշխատէր, բայց տեղափոխուելու լուրջ հարց ունէր: Խիստ կարիք ունէր անդամալոյծի յարմարութիւններով օժտուած ինքնաշարժի մը: Վաստակած աշխատավարձի մեծ մասը դժբախտաբար կը ծախսէր երթեւեկութեան վրայ: 15 հոգիէ բաղկացած ընտանիքը խիստ ծանր պայմաններու մէջ կ՚ապրէր նոյն յարկին տակ։

Պսակաձեւ ժահրի պատճառով ուշացած ինքնաշարժը վերջերս հասաւ Հայաստան, շնորհիւ Խորէն Սրբազանի տքնաջան աշխատանքին: