Առաջնորդարանէն

Ս. ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ԼԵՐԱՆ ՔԱՐՈԶԻ ՄԱՍԻՆ

Չորեքշաբթի, 14 Յունիսին, իր աւարտին հասաւ Ս. Գիրքի առցանց սերտողութիւնը՝ եօթը մասերով, որ նուիրուած էր Լերան Քաորզին (Մտ 5-7)։ Մասնակիցներու թիւը 90ի հասած է, որոնցմէ երկու երրորդը նիստերու մեծամասնութեան ներկայ եղած է։ Սերտողութիւնը վարեց Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան։

Լերան Քարոզը, որ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ուսմունքի գագաթնակէտը նկատուած է, շփոթի մատնած է հին ու նոր շատ մեկնաբաններ, մնալով հանդերձ մարտահրաւէր մը բոլոր անոնց համար, որ կ՚որոշեն հետեւիլ Յիսուս Քրիստոսին իբրեւ Տէր։