ԿԻՐԱԿԻ, 2 ՅՈՒԼԻՍ Ե. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ ՏՕՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՏՈՒՓԻ ԳԻՒՏԻՆ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 2։5-11
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 13։24-30
Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ.
– Մարդ մը լաւ սերմեր ցանեց իր արտին մէջ: Գիշեր մը, երբ ամէն մարդ քնացած էր, անոր թշնամին եկաւ եւ որոմ ցանեց ցորենին մէջ ու գնաց: Երբ սերմերը աճեցան եւ սկսան հասկ կազմել, այն ատեն որոմն ալ երեւցաւ: Տանտիրոջ ծառաները եկան եւ ըսին անոր. «Տէ՛ր, դուն միայն լաւ սերմեր չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. ուրկէ՞ հապա եկաւ որոմը»: Անիկա պատասխանեց. «Ասիկա թշնամի մարդու գործ է»: Ծառաները ըսին. «Կ’ուզե՞ս որ երթանք եւ որոմը քաղենք»: «Ո՛չ,- պատասխանեց տէրը,- որպէսզի չըլլայ թէ որոմը քաղած ատեն ցորենն ալ միասին արմատախիլ ընէք: Ձգեցէք որ երկուքն ալ միասին աճին մինչեւ հունձքի ժամանակը. այն ատեն հնձուորներուն կ’ըսեմ.- Նախ որոմը քաղեցէք, խուրձեր կազմեցէք այրելու համար, եւ ապա քաղեցէք ցորենը եւ ամբարեցէք շտեմարաններուս մէջ»:
ՆԱՄԱԿ ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 9։30-10։4
Ուրեմն ի՞նչ կ’եզրակացնենք: Հեթանոսները, որոնք Աստուծոյ արդարութեան չէին հետեւեր՝ արդարացան, որովհետեւ Քրիստոսի հաւատացին. մինչդեռ Իսրայէլի ժողովուրդը չարդարացաւ Մովսէսի Օրէնքին միջոցաւ, որ տրուած էր՝ մարդիկը արդարացնելու համար: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ չհաւատաց Քրիստոսի, եւ կը կարծէր թէ Օրէնքին գործադրութեամբը պիտի արդարանայ: Ատիկա իսկ պատճառ եղաւ որ գլորին «գայթակղութեան առիթ հանդիսացող քար»ին վրայ, այսինքն՝ Քրիստոսի, որուն համար մարգարէութեան մէջ գրուած է.-
«Ահա ես Սիոնի մէջ կը դնեմ քար մը՝
որ գլորումի առիթ պիտի ըլլայ, ժայռ մը՝
որ գայթակղութեան առիթ պիտի հանդիսանայ:
Բայց անոր հաւատացողը յուսախաբ պիտի չըլլայ»:
Եղբայրնե՛ր, սրտանց կը մաղթեմ եւ կ’աղօթեմ որ Աստուած փրկէ Իսրայէլացիները, որովհետեւ կրնամ իրենց մասին վկայել, թէ Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր են. միայն թէ այս նախանձախնդրութիւնը հիմնուած չէ Աստուծոյ ճշմարիտ ծանօթութեան վրայ: Անոնք չհասկցան, թէ Աստուած ի՛նչ ձեւով կ’ուզէր արդարացնել մարդիկը: Արդարանալու իրենց հասկցած ձեւին կառչեցան եւ ուստի չընդունեցին Աստուծոյ արդարութեան ուղին: Մինչդեռ Քրիստոսով Օրէնքը իր վախճանին հասած է եւ միայն Քրիստոսի հաւատացողը կ’արդարանայ: