1.000 ՀՈԳԻ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ «ՄԵԾՆ ՆԵՐՍԷՍ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ 30ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 29 Յունիսին, 1.000 հոգիի ներկայութեամբ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան 30ամեակի տօնակատարութիւնը Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան պետական թատրոնին մէջ, նախագահութեամբ՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, որ այս առիթով Հայաստան ճամբորդած է։ Ձեռնարկին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի տանք մեր յաջորդ թիւով։
Իր պատգամին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին, որուն օրհնութեան խօսքը կարդացուեցաւ հանդիսութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ 1988ին Լենինականի ահաւոր երկրաշարժէն ետք սկիզբ առած Ազգային Առաջնորդարանի բարեսիրական աշխատանքը, գլխաւորութեամբ օրուան Առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի, որ ամուր հիմքերու վրայ դրուած է 1993ին՝ «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան գրասենեակի հաստատումով։ Մեր կարիքաւոր ժողովուրդին ու մասնաւորապէս նահատակ ազատամարտիկներու զաւակներուն աջակցութեան նուիրուած կազմակերպութիւնը նաեւ իր բարեսիրական ներդրումը ունեցած է եւ ունի զանազան կալուածներու մէջ։
Ստորեւ կու տանք Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի պատգամը.
«Փա՜ռք կուտամ Բարեգութ Աստուծոյ, որ արժանի ըրաւ մեզ այսօր մայր հայրենիքի մէջ տօնախմբելու 30, նաեւ 35ամեակը «Մեծն Ներսէս» բարեգործական հաստատութեան, որ 1988ի Լենինականի երկրաշարժի արցունքի ու մորմոքի մէջէն ծնունդ առած էր որպէս յոյսի շողարձակում, եւ այնուհետեւ մերօրեայ հայոց ազատագրութեան փշոտ ճամբաներէն ծլարձակած մխիթարութեան բալասանի ծաղիկ դարձաւ։
Հանդիսաւոր այս պահուն, որդիական խորին ակնածանօք իմ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Ս. Էջմիածնէն առաքուած իր օրհնութեան խօսքին համար, որով բացումը կատարուեցաւ ներկայ հանդիսութեան։
Ս. Էջմիածնի խորհուրդը, սիրելի հանդիսականներ, վեր է մարդկային ամէն մտածումէ եւ երեւակայութենէ, որովհետեւ Աստուծոյ Միածին Որդին Հայաստան աշխարհ իջնելով ճարտարագէտը եղաւ ո՛չ միայն քրիստոնեայ աշխարհի առաջին մայր Տաճարին, այլ նաեւ քրիստոնեայ հայու հաւատքին ու յոյսին, հոգիին ու սրտին, մտքին ու մարմնին, որուն շնորհիւ հոգիներու լուսաւորիչ Ս. Գրիգորին յաջորդեցին սրտերու լուսաւորիչ Մեծն Ներսէսներ, եւ մտքերու լուսաւորիչ Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ հայրապետներ, հաւատքի ու հայրենիքի պաշտպանութեան Վարդանանց զօրավարներ, քարերուն լեզու տուող Մոմիկ վարդապետներ, մագաղաթեայ անշունչ թերթերը մանրանկարչութեամբ կենդանացնող Թորոս Ռոսլիններ ու Սարգիս Պիծակներ, եւ լուսաբացին հայ ռէնճպէրը բարի եզան հորովելներով «ախպեր ջան» դարձնող Կոմիտասներ։
Այո՛, այս բոլորը եւ աւելի՛ն է Քրիստոսահիմն Ս. Էջմիածնի խորհուրդը, որ անմահանուն բանաստեղծ՝ Վահան Թէքէեանի բառերով, պէտք է թափանցէ իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ։
Հետեւաբար, ինչպիսի պատճառներով ալ տարբեր յարանուանութեանց կամ կրօնական ու փիլիսոփայական մտայղացումներու հետեւինք, անտեսել Ս. էջմիածնի խորհուրդը կը նշանակէ ուրանալ մեզ կեանք տուող ազնուագոյն արարածը՝ մայրը, կը նշանակէ հեռանալ մեր երկհազարամեայ արմատներէն, վերածուելով 18րդ, 19րդ, 20րդ ու 21րդ եւ աւելի դարերու կոտորակուած հաւատքի եւ զարմանազան համոզումներու խմբաւորումներու։
Ահա թէ ինչու մեր տարբերութեանց մէջ մեզ միաւորող անցեալի արմատները, ներկայի համագործակցութիւնը եւ փայլուն ապագայի տեսլականը ներոյժի վերածելով, փիւնիկի նման Հայոց Ցեղասպանութեան մոխիրներէն եւ Սիպերիական աքսորի խուլ գռիհներու խորերէն վերյառնած գիտակից եւ հասուն ազգ, պէտք է դառնանք պատմահայր Մովսէս Խորենացիի շնչող ու ապրող փոքր ածուն, ուր արութեան գործերը միշտ կը գործուին եւ սերունդներ կը ներշնչեն։
Այս համոզումով է, որ Հիւսիսային Ամերիկայի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը 1988ի երկրաշարժի զոհերու եւ մանաւանդ 1993 թուականին հայ ազատամարտիկ նահատակներու ընտանիքներուն ի նպաստ ծառայական իր առաքելութիւն սկսաւ հոգելոյս Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի օրով, եւ որ անխափան կը շարունակուի, որպէս դուզնաքեայ լումայ՝ վառ պահելու համար հաւատքի Յոյսի եւ Սիրոյ պատրոյգը՝ մորմոքող հայրերու ու մայրերու, այրիներու եւ ծնողազուրկերու սրտերուն մէջ, բայց մանաւանդ կենդանի պահելու ողջերուս մէջ ներկայութիւնը եւ վկայութիւնը բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին արդարութեան եւ ազատութեան, սրբութեանց զոհասեղանին վրայ։
Ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ, «սուրբերու ամպերը մեզ կը շրջապատեն»։ Նմանապէս նահատակները մեզ շրջապատած՝ մեր կեանքը կը ցօղեն նուիրական արժէքներով, արդիւնաւորելու համար մեր երազները եւ բարեբեր դարձնելու համար մեր սուրբ հողը։
Նահատակները չե՛ն մեռնիր ռազմաճակատներու վրայ, այլ կը մեռնին երբ ուրանանք ա՛յն սրբութիւնները, արժէքները եւ աւանդութիւնները, որոնց նուիրականութեան համար իրենց ամենաթանկագին կեանքը մատաղ ըրին անոնք. երբ անտարբեր ըլլանք մեր հոգու պարտքը կատարելէ անոնց հարազատներուն հանդէպ եւ զլանանք անոնց երազները իրականացնելէ։
Ահա թէ ինչո՛ւ «Մեծն Ներսէս» բարեգործական հաստատութիւնը, եւ նման բարեսիրական, մարդասիրական ու բոլոր հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները իրենց յանձնառութեամբ կու գան ցաւակից, սրտակից ու գործակից ըլլալու նահատակներու կարեվէր ընտանիքներուն, նաեւ իրենց արդար վաստակէն մաս ու բաժին բերելու հայրենիքի վերելքին ու հզօրացման համար։ Միաժամանակ, որպէս Պարոյր Սեւակեան անլռելի զանգակատուն՝ ղօղանջելու մէկ ճշմարտութիւն, այն՝ որ ինչպէս Մեծ ու Փոքր Մասիսները մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն, նմանապէս հայը ուր որ ապրի՝ Հայաստանի թէ Արցախի, Միջին Արեւելքի թէ Ծոցի երկիրներու, Եւրոպայի թէ Ամերիկայի, Նոր Զելանտայի թէ Աւստրալիոյ մէջ, մէկ եւ ամբողջական հայութիւն կը կազմէ, որուն սիրտը կը հանդիսանայ Մայր հայրենիքը, եւ մարմինը՝ աշխարհասփիւռ գաղութները, բոլորիվ կամքերը կռանուած «Կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանա՛նք» նշանաբանով, բոլորիս սրտերէն բարձրանալով մէկ օրհներգ՝ «Լոյսի հայրենիք, Յոյսի հայրենիք, հզօր հայրենիք, իմ նոր հայրենիք». բոլորիս աչքերը յառած երկնքից կախ ընկած Լուսաւորչի կանթեղին եւ հայ ժողովուրդի յաւերժութեան խորհրդանիշ Նոյեան Տապանի հիւրընկալ ալեհեր ու փառապանծ Արարատ սուրբ լերան, ի յառաջդիմութիւն Թորգոմեան պատուական ազգի զաւակներուն եւ ի փառս Ամենակալ Աստուծոյ»։