Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԿԱՏԱՐԵՑ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

«Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան 30ամեակի տօնակատարութեան առիթով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մեկնեցաւ Երեւան, ուր մասնակցեցաւ 30ամեակին նուիրուած «Մարդ Աստուծոյ» խորագրուած գեղանկարչական աշխատանքներու եւ գրական գործերու մրցոյթներու  մրցանակաբաշխութեան։ Սոյն մրցոյթները կազմակերպուած էին «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան եւ Երեւանի Գեղարուեստի ակադեմիայի ու Հայաստանի Գրողներու Միութեան համագործակցութեամբ։

Գեղանկարչական մրցոյթ

Գեղանկարչական աշխատանքներու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 26 Յունիսին, Երեւանի Գեղարուեստի ակադեմիային մէջ։  Խօսք առաւ Ակադեմիայի նախկին տեսուչ Արամ Իսաբէկեան, որ անդրադարձաւ Ազգային Առաջնորդարանի այս ձեռնարկին կարեւորութեան, որ այս մասնաւոր առիթով խթան կը հանդիսանայ երիտասարդ արուեստագէտներու ստեղծագործական հնարաւորութիւններուն։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց, տեսնելով երիտասարդ դէմքերու աշխատանքին արդիւնքը, եւ մաղթեց որ անոնք, իրենց տաղանդը զարգացնելով, արժանի ըլլան աւելի բարձր մրցանակներու։

Մրցոյթը բաժնուած էր երեք դասակարգերու. քանդակագործութիւն, նկարչութիւն եւ կրաֆիք գործեր։ Գեղարուեստից Ակադեմիայի չորս դասախօսներէ բաղկացած դատակազմը մրցանակի արժանի նկատած էր հետեւեալ անձերը.

Գեղանկարչություն՝ Մէրի Յովհաննիսեան (առաջին մրցանակ), Թեհմինա Թարթիկեան (երկրորդ մրցանակ), Լիանա Ասատրեան (երրորդ մրցանակ), Մանէ Մակեան (խրախուսական մրցանակ),

Գծանկարչութիւն՝ Տաթեւիկ Սարգսեան (առաջին մրցանակ), Զարուհի Թովմասեան (երկրորդ մրցանակ), Աղաւնի Վարդանեան (երրորդ մրցանակ), Անուշ Աբրահամեան (խրախուսական մրցանակ),

Քանդակագործութիւն՝ Մուշեղ Յակոբեան (առաջին մրցանակ), Աղուան Սահակեան (երկրորդ մրցանակ), Կամօ Ալոյեան (երրորդ մրցանակ), Արթուր Աւագեան (խրախուսական մրցանակ)։

Գրական մրցոյթ

Գրողներու Միութեան սրահին մէջ, մրցանակաբաշխութիւնը կատարուեցաւ Չորեքշաբթի, 27 Յունիսին։ Խօսք առաւ Գրողներու Միութեան նախագահ՝ բանաստեղծ Էդուարդ Միլիտոնեանը, որ ուրախութիւն յայտնեց, թէ Առաջնորդարանը ձեռնարկած է այս մրցոյթին, ինչ որ կը ցոլացնէ անոր նախանձախնդրութիւնը հայ մշակոյթի հանդէպ ընդհանրապէս եւ հայրենի գրողները քաջալերերու մասնաւորապէս։

Ապա, հրաւիրեց Սրբազան Հայրը,  որ իր ողջոյնի խօսքը ուղղէ ներկայ մասնակիցներուն։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս յայտնեց, թէ «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական հաստատութեան 30ամեակի տօնախմնբութիւնը ամբողջական պիտի չըլլար եթէ Հայ Եկեղեցին, գթասրտութեան կողքին, նաեւ իր հոգածութիւնը չյայտնէր Մեսրոպ Մաշտոցի փաղանգին պատկանող հայ գրողներու հանդէպ։ Ան աւելցուց, թէ ինչպէս հայ քաջարի զինուորները պաշտպանն են հայրենիքի, նմանապէս մտաւորականները իրենց գրիչով մարտիկներ են, որոնք անարատ կը պահեն հայ մշակոյթը եւ հայու էութիւնն ու նկարագիրը։ Այնուհետեւ, պրն. Միլիտոնեան հրաւիրեց դատակազմի նախագահը՝ փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանը, որպէսզի յայտարարէր, յետ երկարատեւ եւ բծախնդիր քննութեան, մրցանակակիրները։

Բանաստեղծութեան առաջին մրցանակը ստացաւ Խաչիկ Մանուկեան, որուն հետեւեցան Անդրանիկ Կարապետեան (Բ. մրցանակ), Յասմիկ Սարգսեան (երրորդ) եւ Գոհար Գալստեան (խրախուսական)։ Արձակի առաջին մրցանակը թափուր մնաց, երկրորդ մրզանակը բաժնեցին Գրիգոր Ջանիկեան եւ Նանէ, իսկ երրորդ մրցանակը՝ Վաչէ Սարուխանեան եւ Կարինէ Ռաֆայէլեան։ Մանկապատանեկան գործերու շարքին, առաջին մրցանակը շահեցաւ Սաթենիկ Ղազարեան, իսկ յաջորդները՝ Ալիս Յովհաննիսեան (երկրորդ), Զաւէն Պետրոսեան (երրորդ), Ալվարդ Յովսէփեան եւ Օլգա Սիլկա (խրախուսական)։

Մրցանակաբաշխութեան աւարտին, ներկաները անգամ մը եւս իրենց խոր երախտագիտութիւնը յայտնեցին Ազգ. Առաջնորդարանի այս նախաձեռնութեան համար, ցանկութիւն յայտնելով, որ մրցանակակիրներու գործերը լոյս տեսնեն առանձին հատորի մը մէջ։

Աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ ջերմ խօսակցութիւն ներկայ մտաւորականներուն հետ։

 

«Եդուարդ Պոյաճեան» դպրոցին մէջ

Չորեքշաբթի, 28 Յունիսին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց «Եդուարդ Պոյաճեան» դպրոցը, որ կը գտնուի «Մեծն Ներսէս» հաստատութեան հովանաւորութեան տակ՝ սփիւռքահայ գրագէտ Եդուարդ Պոյաճեանի ընտանիքի նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ։

Սրբազան Հայրը կատարեց Պոյաճեան ընտանիքի տրամադրած մրցանակները հայագիտական առարկաներու լաւագոյն յառաջդիմութիւնը ցուցաբերող երեք աշակերտներուն։ Այս տարի, անոնք էին Ստեփան Մեսելջեան (7րդ դասարան), Մարիաննա Խաչատրեան (8րդ դասարան) եւ Արա Բոյմուշակեան (7րդ դասարան)։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս քաջալերեց աշակերտները իրենց բացառիկ նախանձախնդրութեան համար մեր պատմութեան, գրականութեան ու լեզուի հանդէպ։