Լուրեր

ՇՆՈՐՀԱԻՈՐ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

Յառաջիկայ 4 Յուլիսին, Միացեալ Նահանգները անկախութեան հռչակման 247ամեակը կը տօնեն։ Հիմնադիր հայրերէն մէկը՝ Ճոն Ատըմզ, որ հետագային երկրի երկրորդ նախագահը եղած է, իր կնոջ նամակ մը գրած է այդ անկիւնադարձային թուականէն մէկ օր առաջ, ուր զգալի է յուզումը, ինչպէս եւ ապագայի տեսլականը։ Տեղին է հետեւեալ քաղուածքը բերել այդ նամակէն.

«Պիտի մտածես, թէ խանդավառութենէ տարուած եմ, բայց այդպէս չէ։ Լաւապէս գիտակից եմ ջանքին, արեան եւ գանձին, որ մեզի պիտի արժեն այս յայտարարութիւնը եւ այս նահանգներուն աջակցութիւնն ու պաշտպանութիւնը։ Սակայն, խաւարին ընդմէջէն  կրնամ տեսնել հմայիչ լոյսի ու փառքի ճառագայթները։ Կրնամ տեսնել, թէ նպատակը աւելի քան կ՚արդարացնէ բոլոր միջոցները, եւ որ ապագան պիտի յաղթէ ամէնօրեայ այդ գործունէութեան մէջ, նոյնիսկ եթէ ափսոսանք, ինչ որ, Աստուծոյ ապաւինելով, պիտի չընենք»։