Առաջնորդարանէն

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ

Կիրակի, 2 Յուլիսին, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովանաւորած ու կազմակերպած «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանին բացումը տեղի պիտի ունենայ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փէնսիլվէնիա)։ Լսարանը պիտի տեւէ ամբողջ շաբաթ մը։ Այս տարի, ութը ծուխերէ 13-18 տարեկան 38 աշակերտներ կը մասնակցին, իսկ անձնակազմը կը բաղկանայ 12 եկեղեցական եւ աշխարհական անդամներէ։ Մասնակիցները կու գան հետեւեալ համայնքներէն. Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք քաղաք), Ս. Խաչ եկեղեցի (Պեթեստա, Մէրիլէնտ), Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա), Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Ուայթ Փլէյնզ, Նիւ Եորք), Ս. Աստուածածին եկեղեցի (Լիվինկսթըն, Նիւ Ճըրզի), Ս. Ստեփանոս եկեղեցի (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս)։

Լսարանը չորս տարուան տեւողութեամբ կրօնական եզակի յայտագիր մը կը ներկայացնէ՝ եռակի ուղղութեամբ, որ կ՚ընդգրկէ քրիստոնէական հաւատքի ուսմունք, առօրեայ պաշտամունքի եւ աղօթքի արարողութիւններ, եւ ընկերային ու մարզական յայտագիրներ։ Տարեկան շուրջ 20 ժամուան դասընթացքի ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Աստուածաշունչը, Հայ Եկեղեցւոյ խորհուրդները, տօները եւ սուրբերը, Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքն ու աստուածաբանութիւն, աղօթք ու պաշտամունք, եւ ժամանակակից բարոյական խնդիրներու քննարկումներ։

Նկարին մէջ՝ Տաթեւացիները կը պատրաստուին լսարանին Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։ Ձախէն աջ՝ Լոռի Թէքէեան, Աննա Թէքէեան, Նշան Գույումճեան, երէցկին Մակի Գոյումճեան, Թալին Լագիսեան եւ Թամար Լագիսեան (նկարէն բացակայ)