Առաջնորդարանէն

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԼՍԱՐԱՆԸ՝ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 2 Յուլիսին, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանը իր տարեկան մէկ շաբաթեայ ծրագիրը սկսաւ Էլվըրսընի (Փէնսիլվէնիա) St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ։ Կը մասնակցին 38 աշակերտներ, եկեղեցականներէ եւ աշխարհականներէ բաղկացած 12 հոգինոց անձնակազմի մը ղեկավարութեամբ։

Ուրբաթ, 7 Յուլիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պիտի այցելէ լսարանն ու դասաւանդէ եւ օրը պիտի անցընէ «տաթեւացիներ»ուն հետ։

Կիրակի, 9 Յուլիսին, այս ծրագիրը պիտի աւարտի Ս. Պատարագով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ֆիլատելֆիա), որուն պիտի մասնակցի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօն, ի յիշատակ «Տաթեւ» լսարանի հանգուցեալ աշակերտներուն, ինչպէս եւ Ֆիլատելֆիայի համայնքէն լսարանի բարերարներուն՝ Աստղիկ Գազանճեան եւ Գալուստ Գարաքէլեան։

Բոլոր նկարները դիտելու համար, սեղմեցէք այստեղ։