Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 24 ՅՈՒԼԻՍ, ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ (ՎԱՐԴԱՎԱՌ)

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Իմստ 7:25-8:4, Զք. 14:16-21

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 16:13-17:13

Երբ Յիսուս Փիլիպպոսի կառուցած Կեսարիայի կողմերը եկաւ, իր աշակերտներուն հարցուց.

Մարդիկ ի՞նչ կ’ըսեն Մարդու Որդիին մասին. ո՞վ եմ ես:

Անոնք պատասխանեցին.

Ոմանք քեզ Յովհաննէս Մկրտիչը կը կարծեն, ոմանք՝ Եղիա մարգարէն, իսկ ուրիշներ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը:

Յիսուս հարցուց անոնց.

Իսկ դո՞ւք ով կը կարծէք զիս:

Սիմոն Պետրոս պատասխանեց.

Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին:

Յիսուս ըսաւ անոր.

Երանի՜ քեզի, Սիմոն, Յովնանի որդի, որովհետեւ ատիկա քեզի յայտնողը մարդ մը չէր, այլ իմ Հայրս, որ երկինքի մէջ է: Քեզի կ’ըսեմ՝ թէ ժայռ ես դուն, եւ այդ ժայռին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս, զոր մահն անգամ իր ամբողջ զօրութեամբ պիտի չկրնայ յաղթահարել: Քեզի պիտի տամ երկինքի արքայութեան բանալիները, եւ ինչ որ կապես երկրի վրայ՝ կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ, եւ ինչ որ արձակես երկրի վրայ՝ արձակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ:

Ապա Յիսուս խստիւ պատուիրեց իր աշակերտներուն, որ ոեւէ մէկուն չըսեն թէ ինքն է Քրիստոսը:

Այս դէպքէն ետք, Յիսուս սկսաւ յայտնել իր աշակերտներուն, թէ պէտք է որ ինք Երուսաղէմ երթայ, ուր շատ պիտի չարչարուի աւագ քահանաներէն, Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ երէցներէն, թէ պէտք է որ սպաննուի, եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէ:

Ասոր վրայ Պետրոս զինք մէկ կողմ տարաւ եւ սկսաւ հակառակելով վիճիլ.

Քա՛ւ լիցի, Տէ՛ր, այդպիսի բան թող չպատահի քեզի:

Յիսուս Պետրոսի դառնալով ըսաւ.

Ետի՛ս գնա, Սատանա՛յ, դուն արգելք ես ինծի, որովհետեւ Աստուծոյ ծրագիրը չէ որ կը խորհիս, այլ մարդոց մտահոգութիւնը կ’արտայայտես:

Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.

Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ: Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գտնէ զայն: Ի՞նչ օգուտ, եթէ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ, որովհետեւ ի՞նչ փրկագին պիտի տայ իր կեանքը ետ առնելու համար: Արդարեւ, Մարդու Որդին պիտի գայ իր Հօրը փառքով՝ իր հրեշտակներուն հետ, եւ այն ատեն իւրաքանչիւրին իր գործերուն համաձայն հատուցում պիտի կատարէ: Վստահ եղէք, որ հոս գտնուողներէն ոմանք պիտի չմեռնին՝ մինչեւ տեսնեն Մարդու Որդին որ կու գայ իր թագաւորութեամբ:

Վեց օր ետք, Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոս եւ Յովհաննէս եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին: Հոն այլակերպեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան: Եւ ահա երեւցան Մովսէսն ու Եղիան, որոնք կը խօսէին Յիսուսի հետ: Պետրոս ըսաւ Յիսուսի.

Տէ՛ր, ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ հոս մնանք. եթէ կ’ուզես՝ երեք վրաններ շինենք, մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար:

Մինչ Պետրոս կը խօսէր, ահա լուսաւոր ամպ մը ծածկեց զիրենք. ամպին մէջէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ’ըսէր.

Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք:

Երբ աշակերտները լսեցին ասիկա, սարսափահար՝ երեսի վրայ գետին ինկան: Յիսուս մօտենալով՝ դպաւ անոնց եւ ըսաւ.

Ոտքի՛ ելէք, մի՛ վախնաք:

Աշակերտները իրենց աչքերը վեր բարձրացուցին եւ Յիսուսէ զատ մարդ չտեսան:

Եւ մինչ լեռնէն վար կ’իջնէին, Յիսուս պատուիրեց անոնց, ըսելով.

Մինչեւ որ Մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն չառնէ, ձեր տեսածը ոեւէ մէկուն մի՛ պատմէք:

Այն ատեն աշակերտները հարցուցին Յիսուսի.

Հապա ինչո՞ւ Օրէնքի ուսուցիչները կ’ըսեն թէ նախ Եղիան պէտք է գայ:

Յիսուս պատասխանեց.

Ճիշդ է, Եղիան նախ գալով՝ պիտի պատրաստէ ամէն ինչ. բայց գիտցէք որ Եղիան արդէն իսկ եկած է, սակայն մարդիկ զայն չճանչցան եւ անոր հետ վարուեցան ինչպէս որ ուզեցին: Նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պիտի չարչարուի անոնց կողմէ:

Այն ատեն աշակերտները հասկցան թէ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին կը խօսէր ան:

 

Ա. ՆԱՄԱԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 1:1-7

Մենք լսեցինք, մեր աչքերով տեսանք եւ մեր ձեռքերով շօշափեցինք Որդին, Բանը, որ սկիզբէն իսկ կեանքի ստեղծիչն էր: Անիկա նոյնինքն կեանքն էր, որ յայտնուեցաւ: Մենք տեսանք եւ կը վկայենք, ձեզի պատմելով անոր մասին, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքին մասին, որ Հօրը հետ էր եւ այժմ մեզի յայտնուեցաւ: Ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ կը պատմենք ձեզի, որպէսզի դո՛ւք ալ մասնակից դառնաք այն հաղորդակցութեան որ մենք ունինք Հօրը եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ, եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ: Ահա թէ ինչո՛ւ կը գրենք ձեզի այս նամակը:

Պատգամը, որ իրմէ լսեցինք եւ ձեզի կը փոխանցենք, սա է՝ թէ Աստուած լոյս է, բնաւ խաւար չկայ անոր մէջ: Արդ, եթէ ըսենք՝ «Հաղորդակից ենք իրեն», եւ միւս կողմէ շարունակենք խաւարի մէջ ապրիլ, կը ստենք ահա եւ ճշմարտութիւնը չենք գործադրեր: Իսկ եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս ինք լոյսի մէջ է, այն ատեն ճշմարտապէս հաղորդակից կ’ըլլանք իրարու, եւ իր Որդւոյն Յիսուսի արիւնը կը սրբէ մեզ ամէն մեղքէ: