Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՃԱՄԲԱՐԸ

Երեքշաբթի, 11 Յուլիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) ամառնային ճամբարը, որ այս տարի տեղի կ՚ունենայ 10էն մինչեւ 21 Յուլիս։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հետաքրքրական հանդիպում մը ունեցաւ մասնակիցներու հետ եկեղեցւոյ մէջ։ Ան դրուատեց բոլոր աշխատողներուն նուիրումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն իրենց ցուցաբերած վստահութեան համար։