Առաջնորդարանէն

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԼՍԱՐԱՆԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ

Կիրակի, 9 Յուլիսին, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանը ամբողջացուց իր 37րդ տարեշրջանը St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փէնսիլվէնիա)։ Շաբաթավերջին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուաշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց լսարանը, ուր դասաւանդեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի մասին եւ ժամանակ անցուց պատանիներուն հետ։

Ութը ծուխերէ 38 պատանիներ, 13-18 տարեկան, հետեւեցան մէկ շաբաթ տեւող դասընթացքին։ Անձնակազմը կը բաղկանար 12 հոգեւորականներէ եւ աշխարհականներէ։ Մասնակիցները ըմբոշխնեցին քրիստոնէական դաստիարակութեան, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, աղօթքի ու երգեցողութեան եւ ընկերային սերտ յարաբերութիւններու միահիւսումը, որ կը կազմէ «Տաթեւ» լսարանի բացառիկ փորձառութեան հիմքը։ Անոնց տպաւորութիւններուն համար, տե՛ս այստեղ։