ԱՐԱՄ ՍԱՖՐԱՍՏԵԱՆ (ծնունդ՝ 14 Յուլիս, 1888)
Արամ Սաֆրաստեան օսմանագիտութեան նահապետը կը համարուի Հայաստանի մէջ։
Ծնած է 1888ին Վանի Այգեստան թաղամասը, ուսուցիչի ընտանիքին մէջ: Այգեստանի միջնակարգ կեդրոնական դպրոցին մէջ ուսումը աւարտելէ ետք, դասաւանդած է Վանի Հայնկոյսներ թաղամասի դպրոցին մէջ, իսկ այնուհետեւ` Աղթամարի վանքի, Պայազիտի եւ Շապին-Գարահիսարի դպրոցներուն մէջ։ Երիտասարդ տարիքին անդամակցած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ 1911ին մեկնած է Կ. Պոլիս, ընդունուելով բարձրագոյն մանկավարժական հիմնարկի ընկերային գիտութիւններու բաժանմունքը, որ շուտով միացած է Կ. Պոլսոյ համալսարանի համանուն բաժանմունքին հետ:
1915ին գերազանց վկայականով համալսարանը աւարտելէ ետք, Սաֆրաստեան ստացած է Թուրքիոյ միջնակարգ դպրոցներու մասնագէտ-ուսուցիչի կոչում։ 1915-1917ի դժնդակ տարիներուն, մնայուն հետապնդումի տակ գտնուելով հանդերձ, դասաւանդած է Կալաթասարայի ճեմարանը։ Զինադադարէն ետք, կարճ ժամանակ ղեկավար դիրք ունեցած է կուսակցութեան մէջ։ Իբրեւ արեւմտահայութեան ներկայացուցիչ, Օգոստոս 1919ին ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ եւ ստանձնած՝ կրտսեր քարտուղարի պաշտօնը, զոր վարած է Օգոստոս 1919էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1920։
1921ին հեռանալով քաղաքական գործունէութենէն, փոխադրուած է Թիֆլիս, ուր զբաղած է գիտական եւ դասախօսական աշխատանքով։ Մասնակցած է ատրպէյճաներէնը ատրպէյճաներէնը լատինական տառերով օժտելու շարժումին եւ աշխատակցած է Թիֆլիսի լոյս տեսնող ատրպէյճաներէն թերթերու։ 1924-1935ին դասաւանդած է Անդրկոկվասի համայնավար համալսարանին մէջ, 1926-1935ին՝ Թիֆլիսի ատրպէյճանական ուսումնարանին մէջ, իսկ 1937-1947ին՝ Թիֆլիսի պետական մանկավարժական հիմնարկի հայկական եւ ատրպէյճանական բաժիններուն մէջ։ Հետազօտական լայն աշխատանք տանելով, 1948ին պաշտպանած է թեկնածուական (առաջին դոկտորական) աւարտաճառը՝ «Թուրքիայի երկաթուղային տրանսպորտի շինարարութեան պատմութիւնը» նիւթին շուրջ։
Գիտական գործունէութիւնը ընդհատուած է, երբ ստալինեան վարչակարգի հալածանքներու շարքին, 1949-1955-ին աքսորուած է Սիպիր իր ընտանիքով: Աքսորէն վերադառնալէ ետք, տեղափոխուած է Երեւան:
1958-էն մինչեւ կեանքին վերջը եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող` հիմք դնելով օսմանագիտական հետազօտութիւններուն` Հայաստանի մէջ:
Արամ Սաֆրաստեան իր մահկանացուն կնքած է 12 Յունիս, 1966ին։ Թոռը՝ Ռուբէն Սաֆրաստեան, ծանօթ թրքագէտ եւ Գիտութիւններու Ակադեմիայի ակադեմիկոս, Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէնն էր 2006-2020ին։