Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները այսու կու գան իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնել Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, իր եղբօր՝ Հրաչ Քէշիշեանի (ծն. Պէյրութ, 1960ին) մահուան տխուր առիթով, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 15 Յուլիսին, Նիւ Ճըրզիի մէջ։
Միաժամանակ, իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի կողակիցին՝ տիկ. Ծովիկ Մահսէրէճեանին , դստեր՝ Նայիրային, եւ համայն Քէշիշեան ընտանիքին։
Տան կարգը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 18 Յուլիսին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), իսկ Չորեքշաբթի, 19 Յուլիսին, կատարուեցաւ Եկեղեցւոյ կարգը եւ ապա թաղումը՝ Ֆէրվիւի (Նիւ Ճըրզի) գերեզմանատունը։
Թող Ամենակալ Տէրը հանգուցեալի հոգին լուսաւորէ եւ մխիթարութիւն պարգեւէ Վեհափառ Հայրապետին եւ իր հարազատներուն։