Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀՕՄ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ եղաւ Հայ Օգնութեան Միութեան 102րդ Շրջանային Ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ռիչմընտի մէջ (Վըրճինիա), 14-16 Յուլիսին։ Ժողովին ուղղուած իր պատգամին մէջ, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Ազգային Առաջնորդարանի եւ ՀՕՄի գործակցութիւնը մշակութային եւ ընկերային մարզերէն ներս ի խնդիր մեր ժողովուրդի բարօրութեան Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ։

Սրբազան Հայրը առանձնապէս շեշտեց այն իրողութիւնը, որ ՀՕՄը սոսկ կազմակերպութիւն մը չէ, այլ ընդհակառակը՝ առաքելութիւն մըն է մեր ժողովուրդին մէջ իր իւրայատուկ ծառայութեամբ, եւ որուն զօրավիգ կանգնիլ նուիրական պարտականութիւն մըն է առհասարակ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն։