Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՎԱՐԺԸՆԹԱՑԻ ԾՐԱԳԻՐԸ ՎԵՐՋ ԳՏԱՒ

Անցեալ շաբաթ, իր աւարտին հասաւ ամառնային վարժընթացի ծրագիրը, որ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի գրասենեակին մէջ Յունիս-Յուլիս ամիսներու ընթացքին։ Հետաքրքրուած երիտասարդներ հրաւիրուած էին դիմելու՝ իրենց մասնագիտական հմտութիւնը զարգացնելու։

Այս տարի, վարժընթացին մասնակցեցաւ Նշան Գույումճեան, որ աշխատեցաւ գլխաւորաբար Երիտասարդական Առաքելութեան բաժանմունքին մէջ վեց շաբաթներու ընթացքին։ Անոր գլխաւոր աշխատանքն էր բաժանմունքի էջը մշակել Առաջնորդարանի կայքէջին մէջ, որպէսզի «Աղ եւ լոյս» ծրագրի համակարգողները կարենան օգտուիլ Առաջնորդարանի կողմէ մատուցուած նիւթերուն ուղղակի կերպով։ Երիտասարդ Նշանը աշխատեցաւ բաժանմունքի վարիչ՝ տիկ. Անի Օվաննէսեանի եւ դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի վերահսկողութեան տակ։ Այդ աշխատանքներուն արդիւնքը պիտի մատուցուի այս աշնան։

Իր պարտականութիւններուն կողքին, Նշան Գույումճեան նաեւ օժանդակեց Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանին «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանին ընթացքին, ինչպէս եւ Առաջնորդարանի անձնակազմին՝ այլ գործերու առնչութեամբ։