Prelacy News, Prelacy News

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՄԷՐԻԼԷՆՏԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 16 Յուլիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ եղաւ Ս. Պատարագին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ), Այլակերպութեան (Վարդավառ) տօնին առիթով։ Պատարագեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր քարոզին մէջ անդրադառնալով Քրիստոսի Այլակերպութեան խորհուրդին, յայտնեց, թէ այս տօնը կը հրաւիրէ մեզ՝ հաւատացեալներս, Աստուծոյ հետ մնայուն հաղորդակցութեան մէջ մնալու, ըմբոշխնելու համար ո՛չ միայն երկրային ու ժամանակաւոր բարիքները, այլ Արարիչ Աստուծոյ մեզի համար պատրաստած յաւիտենական օրհնութիւնը, որ կ՚անդրանցնի մարդկային ամէն հասկացողութիւն եւ երեւակայութիւն։ Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով նաեւ նախաքրիստոնէական շրջանէն եկած Վարդավառի տօնին, ըսաւ, թէ ջրախաղի աւանդութիւնը լաւագոյնս կը յատկանշէ հայ ժողովուրդի համոզումը, որ ջուրը մաքրութեան խորհրդանիշ ըլլալով, պէտք է միշտ նորոգուին մարմնով, մտքով եւ հոգիով։

Յաւարտ Ս. Պատարագին, Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ ՀՄԸՄ-ի արի-արենոյշներուն, որոնք Երեքշաբթի, 18 Յուլիսին մեկնեցան Հայաստան, համա-ՀՄԸՄական բանակումին մասնակցելու, եւ իր օրհնութիւնը տուաւ անոնց։