Առաջնորդարանէն

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԸ ՉՈՐՍ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ՈՒՆԵՑԱՒ

«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի 2023ի շրջանաւարտները Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի եւ լսարանի տնօրէն՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի հետ (ձախէն աջ՝ Անդրանիկ Թաթարեան, Դանիէլ Գարամանուկեան, Յակոբ Քէչէճեան, Ալեքս Վարժապետեան)

Այս տարի, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանը չորս շրջանաւարտ ունեցաւ. Դանիէլ Գարամանուկեան, Ալեքս Վարժապետեան (Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), Յակոբ Քէչէճեան (Ս. Ստեփանոս եկեղեցի, Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) եւ Անդրանիկ Թաթարեան (Ս. Խաչ եկեղեցի, Պեթեստա, Մէրիլէնտ)։ Յիշեցնենք, որ լսարանը տեղի ունեցաւ 2-9 Յուլիսին, St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փէնսիլվէնիա)։

Լսարանի ուսումնական ծրագիրը նախատեսուած է չորս տարիներու համար՝ մէկ շաբաթ իւրաքանչիւր ամրան։ Շրջանաւարտները առիթը ունեցան վերադառնալու յետաւարտական դասերու համար։ Լսարանին դասերը միաժամանակ տեղի կ՚ունենան հինգ մակարդակներով։ Այս տարի, 12 աշակերտներ հետեւեցան առաջին մակարդակին, 12՝ երկրորդ մակարդակին, 6՝ երրորդ մակարդակին, 4՝ չորրորդ մակարդակին, եւ 4՝ հինգերորդ մակարդակին։  տեղի ունեցան 2-9 Յուլիսին։

Իւրաքանչիւր տարի, աշակերտները շուրջ 20 ժամ դասերու կը հետեւին։ Չորդ տարուան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Հին եւ Նոր Կտակարաններու ներածութիւն, Հայ Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդները (շեշտը դնելով Սուրբ Պատարագի վրայ, Հայ Եկեղեցւոյ տօներն ու սուրբերը, պատմութիւնն ու դաւանանքը, աղօթք եւ պաշտամունք, քննարկումներ բարոյական ու բարոյախօսական հարցերու մասին եւ Ս. Գիրքի սերտողութիւններ։