Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՔԸՆԷԹԻՔԸԹԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 30 Յուլիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիկոպոս, Ս. Պատարագին մասնակցեցաւ եւ քարոզեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ)։ Ս. Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան։