Լուրեր

«ՕՐՈՐԱՅԻ ԱՐԵՒԱԾԱԳԸ» ՖԻԼՄԸ ՊԻՏԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԻ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Իննա Սահակեանի «Օրորայի արեւածագը» (Aurora’s Sunrise) շարժանկարը, որ բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած է, կը միախառնէ տպաւորիչ animation, Մեծ Եղեռնի վերապրող Օրորա Մարտիկանեանի (1901-1994) հետ հարցազրոյցներ, եւ «Յօշոտուած Հայաստան» (այժմ կորսուած) շարժանկարէն մնացած 18 վայրկեանի հատուածը։ Օրորա Մարտիկանեան, Ամերիկա հասնելով, իր սեփական պատմութեան դերակատարը եղած է «Յօշոտուած Հայաստան» անխօս շարժանկարին մէջ (1919), որ հսկայական յաջողութիւն ունեցած է։

Ֆիլմը պիտի ցուցադրուի Օգոստոս 11ին Մանհաթընի մէջ Village East եւ New Plaza Cinema սրահներ) եւ Օգոստոս 12-13ին Քուինզի մէջ (Museum of Moving Image)։ Տոմսակներու համար, սեղմեցէք այստեղ։