ԳՐԻԳՈՐ ՕՏԵԱՆ (մահ՝ 6 Օգոստոս, 1887)
Գրիգոր Օտեան նշանաւոր երգիծաբան Երուանդ Օտեանի հօրեղբայրն էր եւ Զարթօնքի սերունդի գլխաւոր անուններէն մէկը։
Ծնած է 9 Դեկտեմբեր, 1834ին, Սկիւտարի մէջ (Պոլիս)։ Հայրը պալատական ճարտարապետ Գրիգոր Պալեանի քարտուղարն էր։ Գրիգոր Օտեան անձնական դասեր առած է Գաբրիէլ եւ Խաչատուր Պարտիզպանեան եղբայրներուն հետ։ Աւելի ուշ, «Մասիս» օրաթերթի հիմնադիր խմբագիր Կարապետ Իւթիւճեանի մասնաւոր դպրոցը յաճախած է, ու նաեւ ստացած է թրքերէնի եւ ֆրանսերէնի յատուկ դասեր։
1850ին, Օտեան մաս կազմած է Զարթօնքի առաջատար մտաւորականներու շրջանակին։ Ան շուտով զարգացուցած է բարենորոգչական իր սեփական գաղափարները։ Առաջին գործերը լեզուական բարենորոգութեան մասին եղած է։ 1851ին գրած է իր առաջին հատորը՝ «Առաջարկութիւն աշխարհաբար լեզուի մասին», որուն հետեւած է «Ուղղախօսութիւն արդի հայ լեզուի» (1853), զոր գրած է Նահապետ Ռուսինեանի հետ։ Լեզուական բարենորոգումէն անցած է քաղաքական բարենորոգման։ Հիմնական դեր ունեցած է Ազգային Սահմանադրութեան մշակման եւ վաւերացման գործընթացին մէջ (1860-1863)։
1854ին, Օտեան մտած էր օսմանեան պետական վարչութեան մէջ, շուտով վերելք կատարելով։ 1864-1866ին, Պուլկարիոյ մէջ Դանուբի կառավարիչ Միտհաթ փաշայի վարչութեան մէջ քաղաքական գործերու տնօրէն եղած է։ 1876ին, օսմանեան պետական խորհուրդի անդամ նշանակուած է՝ պալայի ամենաբարձր աստիճանով։
Նոյն տարին, երբ Միտհաթ փաշա մեծ վէզիր (1876-1878) նշանակուած է, մաս կազմած է այն յանձնախումբին, որ մշակած է Դեկտեմբեր 1876ին հրապարակուած օսմանեան սահմանադրութիւնը։ Ռուս-թրքական պատերազմի սկզբնաւորութեան, Օտեան Պոլսոյ Պատրիարք Ներսէս եպս. Վարժապետեանի խորհրդական եղած է։ Գրած է հայկական պատուիրակութեան կողմէ Պերլինի համաժողովին ներկայացուած յիշատակագիրը (1878)։
1878ի սկիզբներուն օսմանեան սահմանադրութեան առկախումէն եւ Միտհաթ փաշայի պաշտօնանկ ըլլալէն ետք Ապտիւլ Համիտի կողմէ, Օտեան, հալածանքէ վախնալով, 1880ին Պոլիսէն փախած ու հաստատուած է Փարիզ, ուր շարունակած է մամուլին աշխատակցիլ Վահրամ ծածկանունով։ Հակառակ Ապտիւլ Համիտի փորձերուն, նախընտրած է աքսորի մէջ մնալ։ Մահացած է Փարիզի մէջ, 6 Օգոստոս, 1887ին, եւ թաղուած է Փէր Լաշէզի գերեզմանատունը (լուսանկար)։