«ՈՉԽԱՐ ԸԼԼԱԼԸ ԼԱՒ ՉԷ»
«Հայերը իրենց վերջին դաժան յիշեցումը ստացած են՝ երկրային կեանքի տակաւին նախնական իրականութիւններուն մասին, որոնք շատ աւելի հին եւ շատ աւելի արժանահաւատ են, քան որեւէ բազմակողմանի կազմակերպութիւն կամ հզօրներու կողմէ ղեկավարուելիք ու նոր երազներէ բխած ցնորական խոստումներ։ Յաղթանակները կրնան մսխուիլ տարիներու եւ տասնամեակներու ընթացքին, ճնշումի պատմութիւն մը հսկայ համակրանք չի յարուցաներ, իսկ բարոյական պահանջները յաճախ մեծ բանի տեղ չեն դրուիր։ Կարելի չէ ձեր փրկութիւնը վստահիլ բարեկամներու, որոնք թերեւս ձեր բարեկամներն ալ չեն. եթէ ձեր հողն ու ժողովուրդը կարեւոր են ձեզի համար, ատիկա չի նշանակեր, որ այլոց հոգն է։ Ուժը կրնայ շատ աւելի դիւրութեամբ ակօս բանալ դիւանագիտութեան մէջ, քան դիւանագիտութիւնը՝ ուժի արարք մը շրջել։ Աշխարհը կը ձեւացնէ, որ անարդարութիւնը կ՚ատէ, բայց խորքին մէջ տկարութիւնը կ՚արհամարհէ»։
The Tablet հանդէսի յօդուածագիր Արմին Ռոզէն անցեալ Յունիսին այցելած է Հայաստան, մաս կազմելով պատուիրակութեան մը, զոր կազմակերպած էր Philos Projectը, որ կը զարգացնէ ամերիկեան յանձնառութիւնը Միջին Արեւելքի վտանգուած համայնքներու հանդէպ։ Յօդուածը Հայաստանի ու Արցախի ներկայ վիճակի ականատեսի վկայութիւն մը կու տայ, զոր անհրաժեշտ է կարդալ։