Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 20 Օգոստոսին, Թեմիս  բարեջան Առաջնորդ՝  Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Ուայթընզվիլ, Մասաչուսէթս)։ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Աւետարանի ընթերցումէն առնուած հետեւեալ երկու կէտերուն. ա) զոյգ անձեր՝ Մարիամ Աստուածամայրը եւ Եղիսաբէթ՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի մայրը, հակառակ որ տարբեր սերունդի անհատներ էին՝ պարմանուհի եւ տարեց, Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած սիրով զիրար կ՛ողջունեն եւ կը քաջալերեն։ Սրբազան Հայրը շեշտեց այն իրողութիւնը, թէ բոլոր անոնք, որոնք Աստուծոյ սիրով կ՚ապրին, այսպէս կոչուած «հին» եւ «նոր» սերունդներու միջեւ ո՛չ թէ հակամարտութիւն կը ստեղծուի, այլ իրարու կը կամրջուին, հոյակապ ամբողջութիւն մը ստեղծելով։ բ) Աւետարանիչին  նկարագրութիւնը, թէ երբ Եղիսաբէթ՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի ողջոյնը ստանալով, կը զգայ երեխային շարժիլը իր որովայնին մէջ, ամենէն դիպուկ փորձառութիւններէն մին կը ներկայացնէ մայրական առանձնաշնորհումին, նաեւ ցոյց տալով կեանքի սրբութիւնը որ կը սկսի ո՛չ միայն ծնունդէն ետք, այլ նաեւ յղութեան ամբողջ ընթացքին։ Այս զոյգ մտածումներով Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները, որպէսզի Աւետարանի ճշմարտութեամբ իրենց կեանքը վարելով՝ հեռու մնան աշխարհիկ վատառողջ հասկացողութիւններէ։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, եկեղեցւոյ դաշտագնացութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ Անդաստանի եւ Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, մասնակցութեամբ շրջանի  հովիւներուն՝ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեանի՝ Ուստըրէն, Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեանի՝ Փրաւիտընսէն, Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեանի՝ Ինտիըն Օրչըրտէն, Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեանի՝ Նորթ Անտովըրէն, Արժպ. Տ. Թադէոս Քհն. Բարսեղեանի՝ Ուստըրէն, Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեանի՝ Նիւ Պրիթընէն, եւ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեանի՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն (Ուայթընզվիլ)։

Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով արարողութեանց խորհուրդին, յայտնեց թէ Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցող աւանդական այս արարողութեամբ,  երկրագունդի մէկ մասնիկը ըլլալով հանդերձ, համայն երկրագուդի բարօրութեան համար կ՛աղօթենք եւ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Արարիչ Երկնաւոր Հօր։ Ապա սրտցաւ կերպով  յայտնեց, թէ ինչպէս 251 օրերէ ի վեր Արցախի մեր եղբայրներն ու քոյրերը անարդար կերպով շրջափակումի ենթարկուած ըլլալով, ծոմապահութեան համազօր կենսական տարրերէ զրկուած կը մնան։ Կոչ ուղղեց ներկայ հասարակութեան՝ հայ թէ օտար, որ ճնշում բանեցնէ պատկան իշխանութեանց վրայ, վերջ տալու այս անողոք նորօրեայ ցեղասպանութեան ոճիրին։

Տէրունական աղօթքով վերջ գտան եկեղեցական արարողութիւնները, որմէ ետք այլ շրջաններէ ժամանած եւ տեղացի բազմահարիւր հայ ու օտար մասնակիցներ շարունակեցին վայելել դաշտահանդէսի զուարթ մթնոլորտը։