ԼԵՒՈՆ ՄԵԼԻՔՍԷԹ-ԲԷԿ (մահ՝ 3 Սեպտեմբեր, 1963)
Հնագէտ ու բանասէր Լեւոն Մելիքսէթ-Բէկ յայտնի է իբրեւ հայ-վրացական գրական ու պատմական կապերու նշանաւոր մասնագէտներէն մէկը։
Ծնած է Թիֆլիսի մէջ, 14 Սեպտեմբեր, 1890-ին։ 1897-1899ին սորված է մասնաւոր դպրոցի, իսկ 1899-1908ին՝ Թիֆլիսի ռէալական դպրոցին մէջ։ 1909-1913ին, Մելիքսէթ-Բէկ ուսանած է Օտեսայի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղին մէջ, միաժամանակ հետեւելով նոյն համալսարանի պատմա-բանասիրական դասընթացքներուն։ Ուսումնառութեան ընթացքին յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է դէպի հնագիտութիւնը եւ այդ նպատակով ճամբորդած է Ռուսաստանի հայաբնակ վայրերը։ 1914ին ընտրուած է պատմութեան եւ հնութիւններու Օտեսայի ընկերութեան թղթակից անդամ։
Վերադառնալով Թիֆլիս, Լ. Մելիքսէթ-Բէկ վարած է շարք մը պաշտօններ, ինչպէս Հայոց Ազգագրական Ընկերութեան խմբագրական մասնաժողովի անդամ եւ քարտուղար, Մոսկովեան Հնագիտական Ընկերութեան Կովկասեան բաժանմունքի անդամ, ապա գիտական քարտուղար, եւ վրաց լեզուի եւ պատմութեան դասախօս Թիֆլիսի երրորդ արական գիմնազիոնին մէջ։
1918 թվականէն մինչև կեանքի վերջը հայոց լեզու, ապա հայ գրականութեան պատմութիւն դասախօսած է Թիֆլիսի համալսարանին մէջ։ Հայաստանի պատմութիւն դասաւանդած է Պաքուի համալսարանին (1935), Քութայիսի մանկավարժական հիմնարկին (1937) եւ Գորիի մանկավարժական հիմնարկին (1947) մէջ։ Դասաւանդած է նաեւ Երեւանի համալսարանին մէջ։ 1923-1930 թուականներուն Հայաստանի հնավայրերը ուսումնասիրող քանի մը արշաւախումբեը ղեկավարած է։ 1941ին Վրաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչի տիտղոսին արժանացած է, իսկ 1945ին Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ ընտրուած է։ 1956ին մասնակցած է Լեռնային Ղարաբաղի հնագիտական արշաւախումբի աշխատանքներուն։
1928 թուականին «Վարդապետք հայոց հիւսիսային կողմանց» խորագրով աւարտաճառը պաշտպանելով, ստացած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի աստիճանը։
Մելիքսէթ-Բէկ մասնագիտացած է հնագիտութեան, հայ-վրացական յարաբերութիւններու, հայ միջնադարեան գրականութեան մէջ։ Գլխաւոր գործերն են. «Վարդապետք հայոց հիւսիսային կողմանց եւ անոնց ինքնութիւնը» (1928, վրացերէն), «Վրաց աղբիւրները Հայաստանի եւ հայերի մասին» (երեք հատոր՝ 1934, 1936, 1955), «Հայ գրողները եւ Վրաստանը» (գիրք 1, 1964)։ Ուսումնասիրած եւ հրատարակած է հայկական եւ վրացական մատենագրութեան բազմաթիւ բնագիրներ եւ վրացերէնի թարգմանած է Սայաթ-Նովայի հայերէն խաղերը, ի շարս այլ գործերու։ Ուսումնասիրած է նաեւ միջնադարեան վրացական եւ հայկական յուշարձանները։ Յայտնաբերած է 874 թուականի Սեւանի հայերէն արձանագրութիւնը, ուր առաջին անգամ կը յիշուի Երեւան բնակավայրը միջնադարեան վիմագիր աղբիւրներուն մէջ։ Մելիքսէթ-Բէկի հայերէն, վրացերէն եւ ռուսերէն հարիւրաւոր յօդուածներ ցրուած են պարբերական մամուլին մէջ։
Մահացած է 3 Սեպտեմբեր, 1963ին, Թիֆլիսի մէջ։