Featured, Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ՀՐԱՒԷՐ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 

Սիրելի Հայրենակիցներ,

Նկատի ունենալով վերջին ինը ամիսներու ազերի շրջափակումի հետեւանքով Արցախեան մեր հայրենիքի մէջ ստեղծուած դժնդակ պայմանները, անհրաժեշտ է բոլորիս գործակցութիւնը եկեղեցական, քաղաքական, մարդասիրական եւ այլ մակարդակներու վրայ։

Այսու կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները անխտիր, որ զօրավիգ կանգնին ի խնդիր Արցախի գոյապայքարին։ Ուրախ ենք վկայելու, որ Արցախի գոյատեւման արդար դատի պաշտպանութեան աշխատանքին տենդագին կերպով լծուած են մեր բոլոր կազմակերպութիւնները, գլխաւորաբար Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը (Armenian National Committee of America, https://anca.org/blockade) եւ Ամերիկայի Հայկական Համագումարը (Armenian Assembly of America, https://www.armenian-assembly.org/advocacy

Ինչպէս գիտէք, Ներկայացուցիչներու Տան (House of Representatives) մէջ վերջին շաբաթներուն տեղի կ՚ունենան յատուկ ունկնդրութիւններ (hearing) դրական լուծումի առաջնորդելու համար Արցախի ներկայ տագնապը։ Առ այդ, կը դիմենք ձեզի, որ ձեր շրջանի Ներկայացուցիչներուն եւ Ծերակուտականներուն հետ կապ հաստատէք անձամբ եւ խնդրէք իրենց զօրակցութիւնը այս ուղղութեամբ։

Կը հաւատանք, որ համագործակցութիւնը բանալին է յաջողութեանց։ Այս առթիւ իւրաքանչիւրիդ Ձայնը կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ մեր ժողովուրդի ճակատագրին վրայ։

Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին