ՇԱՌԼ ԱԴԱՄԵԱՆ (ծնունդ՝ 18 Սեպտեմբեր, 1872)
Շառլ (Կարապետ) Ադամեան ֆրանսահայ յայտնի նկարիչ մը եղած է, որ հռչակի հասած է յատկապէս իր բնանկարներու եւ դիմանկարներու շնորհիւ։
Ադամեան ծնած է Կ. Պոլիս, 18 Սեպտեմբեր, 1872ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Բերայի Մխիթարեան վարժարանին եւ ֆրանսական Սան-Պընուա լիկէոնին մէջ, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, նաեւ հետեւելով նկարչութեան (1887-1993)։ Յաճախած է Գեղարուեստի ակադեմիան, սակայն վերադարձած է Պոլիս առանց աւարտելու։ Օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ 1896ի դէպքերու նախօրեակին կազմակերպած է նկարներու առաջին ցուցահանդէսը, որ աննկատ անցած է, քաղաքական ծանր մթնոլորտին պատճառով։
Համիտեան ջարդերէն ետք, 1897ին Ադամեան հաստատուած է Փարիզ, ուր զբաղած է գիրքերու նկարազարդումով մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի տարիները։ Նկարազարդած է 150էն աւելի ֆրանսերէն գիրքեր, որոնց շարքին՝ Անաթոլ Ֆրանսի եւ Կի տը Մօփասանի վէպերը։ Աշխատակցած է ֆրանսական “L’Illustration”, “Le Monde illustré” եւ այլ պարբերականներու։ 1903 թուականէն սկսեալ պարբերաբար մասնակցած է Գեղարուեստի Ազգային Ընկերութեան տարեկան ցուցահանդէսներուն՝ բնանկարներով, դիմանկարներով, եւ այլն։ Ընկերութեան մնայուն անդամ դարձած է 1927ին։ Անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Կ. Պոլսոյ, Փարիզի, Սթրազպուրկի եւ Պրիւքսէլի մէջ։ Ադամեանի նկարները ցուցադրուած են Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա, Ճաբոն եւ այլուր, արժանանալով մամուլի բարձր գնահատականին։
Ստեղծած է ծովային տեսարաններ, որմազդներ, եւ այլն։ Ադամեան ուժեղ գոյներու, յատկապէս լոյսի ճանչցուած վարպետ եղած է։ Տպաւորապաշտութեան ազդեցութիւնը կրած է։ 1941ին դադրած է նկարելէ՝ կնոջ մահուան եւ իր հիւանդութեան պատճառով։ Մահացած է 30 Յուլիս, 1947ին, Փարիզի մէջ։ Գործերը կը գտնուին փարիզեան զանազան թանգարաններու, ինչպէս եւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ։