Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանը, հիմնուած՝ 1931ին, անցնող 90 տարիներուն հարստացած է եկեղեցական եւ աշխարհական գրքասէր ազգայիններու հաւաքածոներու նուիրատուութեամբ։ Ունի չորս բաժիններ՝ ձեռագրատուն, հնատիպ գիրքեր, մամուլ եւ ընթացիկ գրադարան։

Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը, վերջերս, նախաձեռնութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, «Կիլիկիա» մատենադարանին նուիրեց Առաջնորդարանիս նախկին դիւանապետ՝ դոկտ. Վազգէն Ղուկասեանի հաւաքածոն, բաղկացած՝ 48 հնատիպ գիրքերէ, 1 հմայիլ ու 1 քարտէս։

Մատենադարանի վարիչ տնօրէնը՝ Գերշ. Տ. Շահան Արքեպիսկոպոս, այս նուիրատուութեան մասին յատուկ զեկոյց տուաւ։ Հաղորդումը կրնաք դիտել այստեղ։

Ազգային Առաջնորդարանը կը քաջալերէ բոլոր այն ազգայինները, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ ունին արժէքաւոր հնատիպ գիրքեր, որ զանոնք նուիրեն «Կիլիկիա» մատենադարանին, որ միշտ բաց է բանասէր եւ ընթերցասէր հասարակութեան առջեւ։