ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ԹՐՈՅԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 24 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու սարկաւագ ձեռնադրեց Անդրանիկ Գարակէօզեանը եւ Կարապետ Մինասեանը Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ (Թրոյ, Նիւ Եորք)։ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ այն ճշմարտութեան, թէ եկեղեցւոյ հիմնական կարգերուն եւ աստիճաններուն էութիւնը կը կազմէ ծառայութիւնը, որ մեզի աւանդուեցաւ մեր հաւատքի առաջնորդ Յիսուս Քրիստոսի խոնարհութեան եւ ծառայութեան ընդմէջէն։ Ան օրինակ բերաւ, որ նոյնիսկ հայոց կաթողիկոսները իրենց պատուանուն որդեգրած են «ծառայ» տիտղոսը եւ կոնդակներուն մէջ կը գրեն. «(Անուն), ծառայ Քրիստոսի…»։
Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 32րդ հանրապետական մաղթանքը։ Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ տարաբախտ պայմաններու մէջ տեղի ունեցող այս արարողութիւնը մեր աշխարհացրիւ ժողովուրդի զաւակներուն միասնականութեան շաղախը պէտք է հանդիսանայ, որովհետեւ պետականութեամբ միայն մենք կը դառնանք ազգ, բերելով մեր ներդրումը մարդկութեան մեծ ընտանիքին։
Արարողութիւններէն ետք, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 65րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը։ Խօսք առին նոր ձեռնադրեալ Անդրանիկ Սրկ. Գարակէօզեան եւ Կարապետ Սրկ. Մինասեան, որոնք իրենց որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեցին Սրբազան Հօր, իրենց ծնողաց, որոնց դաստիարակութեան շնորհիւ իրենք հասակ առած էին առողջ գիտակցութեամբ ծառայելու գաղութին։ Ապա եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան, ուրախութեամբ յայտնեց, թէ Ծուխի հոգեւոր, մշակութային եւ ընկերային կեանքը սկսած է հետզհետէ ուռճանալ, շնորհիւ բոլոր անդամներու ներդրումին։ Վերջաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յանուն Թեմիս Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն, շնորհաւորեց Ս. Խաչ ծուխի 65րդ տարեդարձը, շեշտելով, որ ատիկա արգասիքն է վեց տասնամեակներու հաւատաւոր նուիրումի եւ ծրագրումի առհասարակ բոլոր անդամներուն, որոնք տարբեր մակարդակներով իրենց ծառայութիւնը բերած են եկեղեցւոյ ։
«Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։