Առաջնորդարանէն

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՒԱՔ Ս. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 21 Սեպտեմբերին, տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցութեան հաւաք մը Ս. Վարդան Մայր Տաճարի  հրապարակին մէջ։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան՝ էջմիածնական Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ։

Երկու առաջնորդներուն կողքին, խօսք առին Անի Չաղլասեան (Հ. Յ. Դ. Արեւելեան շրջանի Կեդր. Կոմիտէի հերթապահ), փրոֆ Շպան Նաշ-Մառշալ, Հայկ Կիւլեան (Վարդանանց Ասպետներ), Արամ Պաշեան (Հայ Աւետարանական Եկեղեցի), Արամ Պաուըն (Հ.Բ.Ը.Մ.ի երիտասարդ մասնագէտներ), Շանթալ Նասրի (Հայ Դատի Յանձնախումբի Նիւ Եորքի ատենապետ), Նայիրի Տիրացուեան (Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի ատենապետ) եւ Իզապէլ Յակոբեան (Հ.Ե.Դ.ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի ատենապետ)։ Հաւաքէն ետք, Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. ներկաները հրաւիրեց Մայր Տաճարէն ներս աղօթքի եւ մոմավառութեան։

Իր ուղերձին մէջ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ըսաւ.

«Այսօր, կը թուի որ վերջը հասած ենք այն երկար ճանապարհին, զոր կտրեցինք մեր զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախ ապրող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Իրօք, գլուխ մը կը վերջանայ, բայց նոր գլուխ մը կը բացուի ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ։

Աշխարհի ընտանիքը, ներառեալ ՄԱԿը, Եւրոպական Խորհուրդը եւ ամերիկեան կառավարութիւնը իրենց գաղջ եւ լպրծուն մօտեցումով սնունդ տուին ահաբեկիչ բռնատիրոջ մը, որ անտեսեց անոնց յայտարարութիւններն ու որոշումները վերջին ինը ամիսներուն, նոյնիսկ այսօր հրադադարը խախտելով։ Ան բրտութեան դիմեց, ահ ու սարսափ տարածելով, առեւանգելով ու գլխատելով չափահասներ եւ հազարաւոր ընտանիքներ տեղահանելով իրենց պապենական հողերէն ինչպէս իր դաշնակիցը ըրաւ 1915ին՝ առաջին ցեղասպանութեան օրերուն։

Երախտապարտ ենք բոլոր անոնց, որ անկեղծօրէն զօրակցած են Արցախի արդար դատին եւ սակայն մեզի պէս յուսախաբ են՝ այսպէս կոչուած ազատ աշխարհի ղեկավարներու անարդարանալի քաղաքականութեան պատճառով։

Այսօր հաւաքուած ենք յիշելով Խրիմեան Հայրիկի տխուր փորձառութիւնը, որ 150 տարի առաջ արեւմտեան երկիրներու դռներուն զարկաւ եւ դատարկ ձեռքերով վերադարձաւ, բայց մեծ պատգամ բերաւ մեզի՝ յենիլ մեր համատեղ ուժին վրայ։

Եկէք ուխտենք Արցախի անունով, որ այսօրուընէ պիտի միացնենք մեր բոլոր միջոցներն ու ջանքերը եւ ուժեղ Սփիւռք դառնանք՝ Հայաստան հայրենիքի ու Արցախի ի նպաստ»։