ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԵՒ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ
Չորեքշաբթի, 27 Սեպտեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն հետ: Հանդիպումի օրակարգին գլխաւոր հարցը Արցախի ժողովուրդի զօրակցութիւնն էր: Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ թելադրութիւնները կատարեց առաջնորդներուն եւ թեմի իշխանութիւններուն.-
ա) Կիրակի, 1 Հոկտեմբերը նկատել Արցախի զօրակցութեան օր՝ հոգեհանգիստ կատարելով Արցախի նահատակներու հոգիներուն, ինչպէս նաեւ աղօթել հիւանդներու շուտափոյթ ապաքինման եւ ընդհանրապէս տագնապի մէջ գտնուող մեր զաւակներուն բարօրութեան համար:
բ) Գործնապէս մասնակից դառնալ ի խնդիր Արցախի մեր ժողովուրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան տեղի ունենալիք ցոյցերուն եւ հրապարակային այլ նախաձեռնութիւններուն:
գ) Օժանդակել Արցախի մեր զաւակներուն ընկերային-տնտեսական կարիքներուն թէ՛ Արցախի եւ թէ Հայաստանի մէջ: