Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ՀԱՑԻ ԵՒ ՅՈՅՍԻ ՀԱՄԱՐ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Ատրպէյճանի ցեղասպանական ծրագրին մաս կազմող Արցախի շրջափակումի առթած տագնապին հետեւանքով, Ազգային Առաջնորդարանը, արցախցի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն օգնութեան հասնելու գծով, Սեպտեմբեր ամսուան սկիզբը կազմակերպած էր բարեսիրական առաքելութիւն մը «Հանապազօրեայ Հաց Արցախին» անունով, որ յաջողութեամբ ամէն շաբաթ բազմահարիւր ընտանիքներու նպաստ կը հայթայթէր։ Նկատի ունենալով այս գործունէութեան զգայուն եւ ծածուկ հանգամանքը, ան պաշտօնապէս չէր յայտարարուած։

Այս շաբաթասկիզբին ծայր առած տարագրութիւնը դժբախտաբար այդ ծրագրի շարունակութիւնն է։ Այս աղէտը անկասկած կը կարօտի միջազգային ու պետական կառոյցներու նիւթական եւ մարդասիրական անյապաղ միջամտութեան։ Այսուհանդերձ, կարելի չէ ազգովին ձեռնածալ մնալ ի տես մեր տարագրուած ժողովուրդին առօրեայ հրամայական կարիքներուն։ Որպէսզի կարենանք մեր սրտազգաց բաժինը բերել, ձեռնարկած ենք հանգանակութեան՝ «Միասին՝ Արցախահայութեան հետ» նշանաբանով։

Յառաջիկայ շաբաթներուն, աշխատանքային յստակ ծրագիրներ պիտի ներկայացնենք ժողովուրդի առօրեայ կեցութեան, բնակարանային ապահովութեան եւ այլ անհրաժեշտ պահանջներու գոհացման համար։

Մինչ այդ, ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոչին, կը դիմենք ձեզի, որպէսզի անմիջապէս պատրաստ ըլլանք այդ ծրագիրները լաւագոյնս իրականացնելու։ Վստահ ենք, որ ինչպէս միշտ, սրտբաց օժանդակութեամբ պիտի ընդառաջէք մեր կոչին եւ թեթեւցնէք Արցախի մեր տառապեալ հայրենակիցներուն անկշռելի մորմոքը, իրենց խաւարած կեանքին բերելով յոյսի նշոյլը։

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Վշտակիր՝

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Արեւելեան Ամերիկայի

 

Ազգային Առաջնորդարանի հանգականութեան ձեր նուիրատուութիւնը կրնաք կատարել սեղմելով այստեղ։ 

 «Հանապազօրեայ Հաց Արցախին» հանգականութեան նուիրատուութիւններու ցանկը տեսնելու համար, սեղմեցէք այստեղ։