Արդի հայ գրականութեան դասականներէն բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեան արեւելահայ քնարերգութեան ռահվիրան կը համարուի։
Ծնած է 26 Ապրիլ, 1864ին, Վաղարշապատի մէջ, ուր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծխական դպրոցին մէջ։ Ծնողքը զինք Մոսկուա ղրկած են 13 տարեկանին եւ հոն ուսանած է Լազարեանին ճեմարանին մէջ (1877-1884), աշակերտելով բանաստեղծ Սմբատ Շահազիզի։ Անոր քաջալերութեամբ պատանի տարիքէն սկսած է ոտանաւորներ գրել եւ լոյս ընծայել Ճեմարանի ուսանողական պարբերաթերթին մէջ։ Լեզուաբանութիւն եւ պատմութիւն ուսանած է Մոսկուայի համալսարանին մէջ (1884-1888)։ Առաջին ժողովածուն (1887) լոյս ընծայած է ռուսական մայրաքաղաքին մէջ ուսանողական միութեան օգնութեամբ։
Համալսարանական կրթութիւնը աւարտելէ ետք, 1889ին Յովհաննիսեան ձեռնարկած է եւրոպական շրջապտոյտի մը, այցելելով Կ. Պոլիս, Վիեննա, Փարիզ եւ Լոնտոն։
Վերադառնալով Կովկաս, ուսուցչական պաշտօն ստանձնած է Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանին մէջ, ուր ռուս գրականութիւն եւ յունարէն դասաւանդած է տասնամեակներ շարունակ։ 1908ին եւ 1912ին յաջորդաբար լոյս տեսած են բանաստեղծութիւններու երկրորդ եւ երրորդ հատորները։ 1908ի հատորը անոր արժէքին ու տեղին պատուանդանը եղած է հայ գրականութեան քնարերգակ բանաստեղծութիւններու շարքին։ Ան չափով մը նոր շունչ բերած է արեւելահայ բանաստեղծութեան ճառային-հայրենասիրական ոճին, նախապատրաստելով Թումանեանի եւ Իսահակեանի քնարական քերթողութիւնը։
1912ին նշուած է անոր գրական-կրթական գործունէութեան 30ամեակը։ Ի տարբերութիւն իր սերնդակիցներու մեծ մասին, Յովհաննիսեան հեռու մնացած է ազգային-հասարակական եռուն գործունէութենէ, կեդրոնանալով իր ուսուցչական ու գրական-ստեղծագործական աշխատանքներուն վրայ։ Սակայն, իր բանաստեղծութեան մէջ ցոլացուցած է հայ կեանքը փոթորկող մեծ ցնցումները։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Վաղարշապատի մէջ կրթական բաժնի վարիչ եղած է, իսկ 1922ին սկսած է աշխատիլ կոմիսարներու խորհուրդի օրէնսդրական բաժնին մէջ։ Մահացած է Երեւանի մէջ, 29 Սեպտեմբեր, 1929ին։ Թաղուած է այժմու Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։ 1948ին, աղջկան նախաձեռնութեամբ, Յովհաննէս Յովհաննիսեանի թանգարանը բացուած է Էջմիածնի մէջ։