Կաթողիկոսարանէն

ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 1 Հոկտեմբերին, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին եւ Արցախի ու արցախահայութեան զօրակցութեան օրուան առիթով, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը։

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ, առաջին հերթին, նշեց Վարագայ Ս. Խաչին տօնին կարեւորութիւնը, որ յատուկ է Հայ Եկեղեցւոյ իբրեւ Ս. Խաչի չորս տօներէն վերջինը։ Անդրադառնալով պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդի «խաչելութիւններուն», ան ընդգծեց պատմութեան ընթացքին տառապանքներուն դիմաց մեր ժողովուրդին ցուցաբերած հաւատքին զօրութիւնը։

Սրբազանը Հայրը ըսաւ, թէ Ս. Խաչի տօները առիթ են մեր կեանքին մէջ վերահաստատելու Խաչին շարժիչ ուժը եւ Խաչեալին փրկագործական զօրութիւնը։ Անդրադառնալով ներկայ կացութեան, ան նշեց, թէ հայ ժողովուրդի ինքնութեան անքակտելի արժէքներ դարձած ազգութիւնն ու քրիստոնէութիւնը կ՚արտացոլան պատմութեան մէջ։ Քարոզի ընթացքին Թորգոմ սրբազանը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած. «Աստուա՜ծ Անմեկնելի, բազում են ճամբաներդ, անիմանալի՝ փրկագործական հրաշքներդ, մինչ Քու ամենաբուժիչ ու յաղթական ներգործութեանդ ամէն ժամանակէ աւելի այսօ՛ր է, որ պէտք ունինք մենք՝ հայ ազգը ու հայրենիքը, տարագիր ու սգաւոր արցախահայութիւնը, վիրաւոր ու սովատանջ հայ մանուկները, նահատակուած առիւծ զաւակներու հերոսածին մայրերը, քոյրերը ու եղբայրները, դաւադրաբար բռնագրաւուած արծուեբոյն մեր Արցախը, եւ տակաւին՝ ամենահսկիչ Քու նայուածքիդ իսկ առջեւ՝ անորոշութեան ու նոր պատերազմներու վտանգին մէջ տուայտող Հայաստան աշխարհը ու անլուր տառապաքներու աքցանին մէջ բռնուած սփիւռքահայութիւնը, որոնք միահամուռ պաղատանքով մը, Տէ՜ր Ամենազօր, Սուրբ Խաչի՛դ իսկ զօրութիւնը կ՚աղերսեն աշխարհի բոլոր անկիւններէն անխտիր»։

Ապա, Սրբազան Հայրը յորդորեց հաւատացեալները չյուսահատելու, չընկրկելու ու սատանային կամքին չյանձնուելու՝ այնքան ատեն, որ Ս. Խաչը ունինք որպէս ապաւէն ու պաշտպան։ «Ինչպէս Ցեղասպանութեան, նաե՛ւ ներկայի ծանր օրերու մէջ, շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելաշունչ Ս. Աթոռին ժողովրդանուէր ծառայութեան, Աստուծոյ օգնութեամբ կարելի եղաւ մարդասիրական, կառուցողական, ընկերային, ազգային ու բարեսիրական տեսակ-տեսակ բնոյթի օժանդակութիւն իրականացնել ե՛ւ Հայաստան-Արցախին, ե՛ւ հայկական վիրաւոր գաղութներու կեանքին մէջ», ընդգծեց սրբազանը եւ աւելցուց, որ Ս. Աթոռը մինչեւ օրս կը շարունակէ իր ժողովուրդին կողքին ըլլալ։

Քարոզի աւարտին, սրբազան հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ արցախահայութեան նուիրուած զանազան ձեռնարկներու եւ ազգակերտ աշխատանքներու կողքին, վերջերս նաեւ Հայրապետական Ս. Աթոռին կողմէ յառաջացուցած է յատուկ մարմին մը, որ շուտով կը սկսի մարդասիրական նոր ծրագիրներու ճամբով անհրաժեշտ օժանդակութիւն մատակարարել գաղթական ու տարագիր արցախահայութեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագին, հանդիսապետութեամբ Նորին Սրբութեան, տեղի ունեցաւ Արցախին ու արցախահայութեան նուիրուած յատուկ աղօթք եւ կատարուցեաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Արցախ հայրենիքին պաշտպանութեան ու պահպանութեան համար նահատակուած մեր հերոս հայորդիներու հոգիներուն համար։