Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՃԷՅՄՍ ՄԱՆՏԱԼԵԱՆ (մահ՝ 13 Հոկտեմբեր, 1973)

Աւելի քան երեք տասնամեակ, Ճէյմս Մանտալեան տիրական անուն մը եղած է ամերիկահայ մամուլին մէջ իբրեւ անգլիագիր երկու հրատարակութիւններու՝ «Հայրենիք Ուիքլի»ի եւ «Արմինիըն Ռիվիւ»ի հիմնադիր խմբագիրը։

Բուն անունով՝ Յակոբ Մանտալեան, ծնած է Օվաճըգ գիւղը, Պարտիզակի մօտերը (Նիկոմեդիոյ, այժմ՝ Իսմիտի շրջան), Փոքր Ասիոյ մէջ, 22 Դեկտեմբեր, 1888ին։ Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած է անցեալ դարու սկիզբը։ Նեպրասքա նահանգի Իւնիըն գոլէճի մէջ կրթութեան վկայական ստացած եւ ապա պատմութեան հետեւած է Նեպրասքայի համալսարանը։ Այնուհետեւ, դասաւանդած է նահանգի երկրորդական վարժարաններու մէջ  մինչեւ Պոսթոն փոխադրուիլը, ուր Հարվըրտ համալսարանի մէջ պատմութեան մագիստրոսի տիտղոս ստացած է։ Աւելի ուշ, դեղագործութիւն ուսանած եւ աշխատելու արտօնագիր ստացած է, բայց շուտով դարձած է նորահաստատ «Հայրենիք Ուիքլի»ի առաջին խմբագիրը 1934ին (1969ին վերանուանուած է «Արմինիըն Ուիքլի)։

Մանտալեան խմբագրական իր աշխատանքը շարունակած է 36 տարի, մինչեւ հանգստեան կոչուիլը 1970ին։ Ան նաեւ եղած է Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան առաջին գործադիր քարտուղարը։ Հրատարակած է «Հայոց պատմութեան հիմնական կէտեր» (1938), «Ո՞վ են դաշնակցականները» (1944) եւ «Ի՞նչ կ՚ուզեն հայերը» (1946) անգլերէն գրքոյկները, իսկ անգլերէնի թարգմանած է Սիմոն Վրացեանի «Հայաստան եւ Հայկական Հարցը» (1943) հատորը։

1948ին, Մանտալեան հիմնադիր խմբագիրը դարձած է «Հայրենիք»ի ուրիշ հրատարակութեան՝ «Արմինիըն Ռիվիւ» հանդէսին, մինչեւ 1969։ Իր խմբագրական աշխատանքի կողքին, բեղուն հրապարակագրական եւ ուսումնասիրական գործ կատարած է, կատարելով նաեւ բազմաթիւ կարեւոր թարգմանութիւններ հայ գրականութենէն։ Հրատարակած է գրքոյկ մը «Անդրկովկասի հայկական խլուած հողերը» (1961) եւ Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայ յեղափոխականի մը յուշերը» հատորին ամփոփ տարբերակը մէկ հատորով՝ «Հայ ազատամարտիկներ» խորագրով (1963)։

Մանտալեան նաեւ յաճախ աշխատակցած է «Հայրենիք» օրաթերթին եւ ամսագրին, ինչպէս եւ սփիւռքահայ այլ հրատարակութիւններու։ 1954ին հրատարակած է «Վարդանանց պատերազմը» խորագրով հայերէն ուսումնասիրութիւնը։

Հանգստեան կոչուելէ ետք, Մանտալեան «Հայրենիք»ի հրատարակութիւններու պատուակալ խմբագիր դարձած է 1970էն մինչեւ մահը՝ 13 Հոկտեմբեր, 1973ին։