ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԻՇԻԿԸՆԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 8 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ս. Պատարագ մատոյց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տիրպորն, Միշիկըն)։ Յընթացս Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դպիր ձեռնադրեց հետեւեալ 12 պարման-պարմանուհիները՝ Սարին Շէրպէթճեան, Սերժ Շէրպէթճեան, Ճոզէֆ Կարապետեան, Վարդան Կարապետեան, Լոռի Գէորգեան, Նարեկ Գէորգեան, Հայկ Նազարէկեան, Ճէյքոպ Շլեչըր, Լուքաս Շլեչըր, Ալեքսան Թոփուզեան, Ցոլին, Զուլքիեւսկի եւ Վիգէն Զուլքիեւսկի։ Ան նաեւ կիսասարկաւագութեան աստիճան շնորհեց Ալեքսանդր Քուրքէչեանին եւ Պերճ Վարդանեանին։
Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց, թէ այս ձեռնադրութիւնները կը զուգադիպէին նախորդ օր նշուած Քրիստոսի 72 աշակերտներու տօնին եւ կը հանդիսանային որպէս հաւատքի աշխուժացման շօշափելի նշան։ Ան շեշտեց այն իրողութիւնը, թէ Առաքեալ կամ Աշակերտ, դպիր կամ կիսասարկաւագ եւ կամ հոգեւոր աստիճանի որեւէ անձ, իր կոչումը կ՛արդարացնեն զՔրիստոս ցոլացնելով եւ իր կեանքին մէջէն սփռելով Անոր աւետած լոյս հաւատքը, յոյսը եւ սէրը, որոնց այնքան կարիքը ունի արդի ընկերութիւնը, որ կը տուայտի անորոշութեան մոլար ուղիներէ ընթանալով։
Սուրբ Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ նշուեցան եկեղեցւոյ 61րդ եւ համայնքին 91րդ տարեդարձները։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Հրանդ Քհն․ Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ բոլոր մարմիններուն եւ ծխականներուն գործակցութեան համար։ Նաեւ յիշեց նորոգ ձեռնադրեալ կիսասարկաւագներուն հաւատարմութիւնը եկեղեցւոյ հանդէպ։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Տ․ Հրանդ Քահանայի ձեռներէցութիւնը, որով հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց անսակարկ զօրակցութեամբ եկեղեցւոյ եւ սրահին ամբողջական վերանորոգումը յաջողցուցած էին անցնող տարեշրջանին։ Նաեւ դրուատեց երիտասարադութիւնը, յատկապէս համալսարանական երիտասարդները համայնքին կապելու ձգտող ծրագիրները։
«Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով պսակուեցաւ յիշատակելի այս տօնախմբութիւնը։