Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԷՋՄԻԱԾՆԱԿԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Photo by Harout Barsoumian

Շաբաթ, 14 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ եպիսկոպոսական առաջին Ս. Պատարագին, զոր էջմիածնական Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեան, մատուցանեց Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ։ Մեսրոպ Սրբազան Հօր եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած էին Ս. Էջմիածնի մէջ, Կիրակի, 8 Հոկտեմբերին, ձեռամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի։

Այս առթիւ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս շնորհաւորեց նորաօծ Մեսրոպ Եղիսկոպոսը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր առաքելութեան մէջ։