Ջութակահար եւ նուագավար Ռուբէն Գրիգորեան բեղուն գործունէութիւն ունեցած է Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր ապրած է իր կեանքի երկրորդ կէսին։
Ծնած է երաժիշտներու ընտանիքի մը ծոցը, 23 Հոկտեմբեր, 1915ին, Թիֆլիսի մէջ։ Տարի մը ետք, ընտանիքը Իրան փոխադրուած ու Թաւրիզ հաստատուած է։ Ուսումը ստացած է Թաւրիզի հայկական Կեդրոնական վարժարանին մէջ եւ ապա՝ Թեհրանի երաժշտանոցին մէջ, ուր ջութակի դասատու եղած է հետագային։ Փարիզի մէջ, յօրինման դասեր առած է զուիցերիացի յայտնի երգահան Արթուր Հոնեկկէրի հետ եւ նուագավարութեան՝ երաժշտանոցին մէջ։ Թեհրանի երաժշտանոցին մէջ խմբավար նշանակելով, հիմնած է երկրի պարսկալեզու առաջին երգչախումբը։ 1948-1951ին, Թեհրանի սինֆոնիք նուագախումբի երաժշտական ղեկավար եւ նուագավար եղած է, ինչպէս եւ ԻՒՆԵՍՔՕի իրանեան ազգային յանձնաժողովի երաժշտական բաժնի վարիչ։
1952ին, Ռուբէն Գրիգորեան հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր երաժշտական տպաւորիչ գործունէութիւն ունեցած։ Իր ժամանումէն քիչ ետք, մաս կազմած է Պոսթոնի երաժշտանոցի ուսուցչական կազմին։ Հիմնած է «Կոմիտաս» լարային քառեակը եւ «Կոմիտաս» երգչախմբային ընկերութիւնը, երաժշտական ղեկավար ու նուագավար եղած է Նիւ Ինկլընտի եւ Փորթլընտի սինֆոնիք նուագախումբերուն եւ Պոսթոնի կնոջական սինֆոնիք նուագախումբին։ Հիւր նուագավար եղած է նաեւ բազմաթիւ նուագախումբերու՝ Միացեալ Նահանգներու, Իրանի, Անգլիոյ եւ Հայաստանի մէջ, ուր համերգներ տուած է 1970ին եւ 1972ին։
Ռուբէն Գրիգորեան իրանական երգերու հաւաքման ռահվիրայ եղած է ու զանոնք հրատարակած՝ երկու հատորներով։ Հրատակարած է նաեւ շարականներու երկու հատոր։ Ձայնագրած է նաեւ երաժշտական բազմաթիւ գործեր (համանուագներ, հայ գեղջկական երգեր, դաշնակի, ջութակի եւ փողի համար գործեր, եւ այլն)։ Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ գնահատագիրներու։ 1978ին «Տարուան Մարդ» հռչակուած է Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ։
Գրիգորեան մահացած է Պոսթոնի մէջ, 28 Մարտ, 1991ին։ Կրստեր եղբայրը՝ Հենրի (1924-2021) 43 տարի Միննեսոթայի նուագախումբի ջութակահար եղած է։