Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 29 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս։ Յընթացս Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հայրը դպիր ձեռնադրեց Դանիէլ Մերեանը, եւ օծեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի սրբապատկերը։ Քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան հրամայականին՝ ներկայ աշխարհի տագնապի ու անորոշութեան մէջ ընթացող մարդկութեան եւ ի մասնաւորի հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար։ Յատկապէս շեշտեց, որ աշխարհի խիղճը, որ սկսած է անհետանալ արդի ընկերութեան կեանքի մէջէն, արտայայտուած անմարդկային ամենէն բիրտ արարքներով ու լոզունգներով, կրնայ վերականգնիլ միայն անկեղծ դարձ կատարելով առ Աստուած, փրկուելու համար աշխարհասփիւռ կործանիչ աղէտէ։

Յաւարտ Ս․ Պատարագի, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 66րդ ամեակի տօնակատարութիւնը եւ նշուեցաւ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն․ Տէր Խոսրովեանի եւ երէցկին Սիւզանի ամուսնութեան քսանամեակը։ Գերպ. Տ․ Արտակ Ծ․ Վրդ․ Արապեան՝ Ուստըրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, կատարեց սեղանօրհնէքի աղօթքը։  Ատենապետ՝ տիար Ճորճ Մարաշեան, յանուն գաղութին, նիւթա-բարոյական նուէրով գնահատեց Տէր Հօր անսակարկ ծառայութիւնը։ Տ. Միքայէլ Քահանայ շնորհակալութիւն յայտնեց այս անակնկալ պատիւին համար, խոստանալով առաւել խանդավառութեամբ ծառայել իրեն վստահուած Քրիստոսի բանաւոր հօտին։ Սրբազան Հայրը իր խնդակցութիւնը յայտնեց այս զոյգ տօնախմբութեանց առթիւ, խոր գոհունակութիւն յայտնեց եւ գնահատեց քաջ եւ բարի Հովիւին հետքերով ընթացող Տէր Հօր նուիրուածութիւնը եկեղեցւոյ բարգաւաճման ի խնդիր, եւ գաղութիւն մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ։