Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՐՑԱԽԻ «ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ

Երեքշաբթի, 31 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց Արցախի «Վահրամ Փափազեան» տրամաթիք թատերախումբի այցելութիւնը։ Թատերախումբը յաջողութեամբ պսակեց արեւելեան շրջանի իր շրջապտոյտը, որուն ընթացքին ներկայացուց «Երկնքից ընկաւ երեք խնձոր» թատերախաղը, հիմնուած՝ Նարինէ Աբգարեանի համանուն վէպին վրայ, բեմադրութեամբ՝ Կարինէ Քոչարեանի։ Այցելուներուն կ՚ընկերանային անդամուհիներ ՀՕՄի Շրջանային Վարչութենէն, որ հովանաւորած էր շրջապտոյտը «Սփիւռքի ձայն» հեռատեսիլի կայանին հետ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց հիւրերը, որոնք նոյնպէս բռնի տեղահանուած են Արցախէն, եւ խօսեցաւ նման շրջապտոյտի կարեւորութեան մասին այս ճակատագրական պահերուն, ինչպէս եւ Սփիւռքի զօրակցութեան մասին մեր արցախցի եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Զրոյցին յաջորդեց հիւրասիրութիւն մը։