Առաջնորդարանէն

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՇԵՇՏԵՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԵՐԸ ՔԸՆԷԹԻՔԸԹԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Նիւ Պրիթըն (Քընէթիքըթ): Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մուտքին, Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հովիւ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեանի, մօտակայ շրջաններէն ժամանած քահանայ հայրերու, հոգաբարձութեանց անդամներու ու ազգային երեսփոխաններու կողմէ: Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի կանոնական արարողութիւնը: Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ողջունելով Վեհափառ Հայրապետի ժամանումը, մաղթեց, որ անոր օրհնաբեր այցելութիւնը նոր կենսունակութիւն բերէ եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մէջ:

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին որպէս բնաբան ընտրած էր «Ո՜վ Տէր, աւելցուր մեր հաւատքը, յոյսը եւ սէրը» երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին արտասանուող աղօթաբոյր խօսքերը: Ան ըսաւ, թէ ամէն օր այս մաղթանքը կը վերառաքենք Ամենակալին, որպէսզի մեր հաւատքը, յոյսը եւ սէրը աւելցնէ եւ մեր կեանքը աստուածահաճոյ արժէքներով լեցնէ, եւ թելադրեց ժողովուրդին իրենց կեանքը շաղախելու հաւատքով, յոյսով ու սիրով: Ան շեշտեց եկեղեցւոյ դերը համայնքի կեանքին մէջ, իբրեւ մեր զաւակները համախմբող եւ անոնց կարիքներուն ծառայելու կոչուած հոգեւոր առաքելութիւն:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ Աջահամբոյր. ապա, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ՝ ընթրիք, մասնակցութեամբ ծխականներու ու զանազան շրջաններէն ժամանած հիւրերու: Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարի գալստեան խօսքէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր օրհնութեան խօսքին մէջ ընդգծեց եկեղեցին հոգեւոր ընտանիք ըլլալու իրողութիւնը: Որպէս Աստուծոյ ընտանիքը, եկեղեցին մեզ քով-քովի կը բերէ եւ իրարու կը կամրջէ նոյն հաւատքով, սիրով ու յոյսով: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ եթէ Ս. Ստեփանոս եկեղեցի Արեւելեան Թեմի ամենահին եկեղեցիներէն մէկն է, չմոռնանք երբեք, որ հայ եկեղեցին աշխարհի ամենահին եկեղեցին է: Մենք հպարտ պէտք է ըլլանք, որ առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք, սակայն պատմական այս նշանակալից դէպքը մեզ պէտք է մղէ առաւել հաւատքով մասնակից դառնալու մեր եկեղեցւոյ կեանքին, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:

Ճաշկերոյթէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը առիթ ունեցաւ մտերմիկ հանդիպումներ ու զրոյցներ ունենալու այլ շրջաններէ ժամանած հոգաբարձուներու եւ ազգային երեսփոխաններու հետ: