Առաջնորդարանէն

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 13 Նոյեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ուաշինկթընէն մեկնեցաւ եւ ժամանեց Ֆիլատելֆիա, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ համայնքին, ինչոէս եւ եկեղեցւոյ հովիւ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեանի, պատուակալ հովիւ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի, հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Այցելութեան կը մասնակցէին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ միաբան հայրերը:

Ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը Ֆիլատելֆիայի համայնքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յիշեց, որ ան Նիւ Եորքի ուսանողական տարիներուն յաճախ այցելած է Ֆիլատելֆիա եւ մասնակից դարձած՝ եկեղեցական արարողութիւններուն։

Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ մեր կեանքին մէջ անհատական թէ հաւաքական արժէքներու կարեւորութեան: Ան խօսեցաւ երեք տեսակի արժէքներու մասին՝ հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային, եւ շեշտեց, որ բոլորն ալ էական են մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութեան պահպանման համար:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն։ Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Յաջորդաբար խօսք առին հոգաբարձութեան ներկայացուցիչը, պետական ներկայացուցիչը, հոգեւոր հովիւը եւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:

Փակման խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը, մեկնելով Ամերիկայի մէջ յաճախ կրկնուած «ժողովուրդէն, ժողովուրդով ու ժողովուրդին համար» խօսքէն, լայնօրէն բացատրեց այս արտայայտութեան խորունկ իմաստն ու պատգամը: Ինչպէս Քրիստոս նոյնացաւ ժողովուրդին հետ՝ ծառայելով անոր կարիքներուն, այսօր նոյնը կը կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր հոգեւորականներու ու աշխարհական կառոյցներու ճամբով: Ա՛յս է Անթիլիասը եւ ա՛յս է մեր կոչումը, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը:

Յաջորդ առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը նախաճաշի սեղանի մը շուրջ հանդիպում ունեցաւ գաղութին մէջ գործող միութիւններուն հետ: Ան նաեւ այցելեց Հայ Քոյրերու Վարժարանը: Դպրոցի տնօրէն Քոյր Էմման, ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր ներկայութիւնը: Աշակերտները գողտրիկ յայտագիր մը ներկայացուցին: Աւարտին խօսք առնելով, Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց հայակերտումի առաքելութիւնը վերաշեշտելու յոյժ կարեւորութիւնը, յատկապէս սփիւռքեան պայմաններուն մէջ: