ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԶԵԿՈԻՑՈՒՄԸ ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ
30 Նոյեմբեր-1 Դեկտեմբերին, Հռոմի մէջ տեղի կ՚ունենայ երկօրեայ գիտաժողով մը Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850ամեակին առթիւ։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի զեկուցումը՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալիի աստուածաբանութիւնը եւ միջ-եկեղեցական գործը» խորագրով, կարդացուեցաւ Նարեկ Արքեպիսկոպոսի կողմէ։ «Շնորհքի լիութիւն, մարդկութեան լիութիւն. Ս. Ներսէս Շնորհալի հազարամեակներու հանգոյցին» խորագրուած միջազգային գիտաժողովը, որ կազմակերպուած է Վատիկանի Արեւելեան Հիմնարկին կողմէ, սկզբնապէս տեղի պիտի ունենար Շնորհալիի նուիրուած ձեռնարկներու շարքի մը ծիրին մէջ, որոնք հովանաւորուած էին Ֆրէնսիս Պապի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի կողմէ։ Սակայն, Արցախի աղէտը պատճառ դարձած է միւս ձեռնարկներուն ջնջումին։