Առաջնորդարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՏԱՐԲԵՐ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ հետեւեալ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ.

  1. Գարակէօզեան Հաստատութեան հոգաբարձութիւն — Քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ հաստատութեան մասնաճիւղերուն գործունէութեան առնչուած նիւթեր։ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց ի տես մեր համայնքներու կեանքին մէջ Գարակէօզեան Հաստատութեան տարած աշխատանքին եւ թելադրեց վերանորոգ թափով շարունակել հաստատութեան նիւթական օժանդակութիւնը։
  2. Ազունիէի Ազգային Բուժարանի խնամակալութիւն — Լայնօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ բուժարանին կողմէ վերջին շրջանին իրականացուած ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը, գնահատելով նոր խնամակալութեան գործունէութիւնը, թելադրեց, որ, ամսական նպաստին առընթեր, ան նաեւ ֆինանսաւորէ բուժարանին կարեւոր ծրագիրները։
  3. Մերձաւոր Արեւելքի Հիմնադրամ — Համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք հաստատուած այս հիմնարկին (երբեմնի Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցը) կը պատկանէր Անթիլիասի որբանոցը. որ խորհրդանշական գումարով մը 1930 թուականին փոխանցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց հիմնարկին աջակցութիւնը Ս. Աթոռին եւ շարունակուող գործակցութիւնը։

Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբերին, Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդր. Կոմիտէին հետ, ամփոփ գիծերով պարզելով Կաթողիկոսութեան կատարած աշխատանքները Արցախի գծով: Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ գաղութը վերակազմակերպելու հրամայականը։