ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ԱՌԱՆՑ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ»
Կիրակի, 19 Նոյեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը տուաւ գոհաբանութեան ճաշկերոյթին, որ կազմակերպուած էր իրեն ի պատիւ «Ռոքֆէլլըր Սենթըր»ին մէջ, Նիւ Եորք։ Կու տանք պատգամին ամբողջութիւնը՝ թարգմանաբար անգլերէն բնագրէն։
Անցեալ 6 Նոյեմբերին սկսայ հովուապետական այցելութիւնս Ուաշինկթընի մէջ, եւ վերջին 15 օրերու իմ պատգամներուս, ճառերուս եւ հանդիպումներուս մէջ անդրադարձայ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ մեր համայնքներու վերակազմակերպման հրամայականին վերաբերող խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու։ Շեշտեցի վերանորոգման վճռորոշ կարեւորութիւնը։
Իրապաշտ եւ անկեղծ բնորոշումով, չենք կրնար շարունակել մեր եկեղեցւոյ եւ համայնքի կեանքը առանց վերանորոգման գործընթացի լծուելու, որ կ՚ենթադրէ քննական վերարժեւորում մը։
- Առաջին դիտողութիւնս համաշխարհայնացման կը վերաբերի։ Կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ կը գտնուի համաշխարհայնացման տիրապետութեան տակ։ Համաշխարհայնացումը համակարգ մըն է, աշխարհահայեացք մը, ապրելակերպ մը. մշակոյթ մը, որ կը թափանցէ մեր կեանքի բոլոր երեսներէն՝ անհատական թէ համայնքային մակարդակներու վրայ, մեր մտածումէն ու գործէն, նոյնիսկ մեր ինքնըմբռնումէն ներս։ Համաշխարհայնացման հանդէպ մեր մօտեցումը պէտք չէ ըլլայ հակազդեցութեամբ, այլ կանխաւ կատարուող գործով։ Պէտք է հարց տալ, թէ ինչպէ՞ս կրնանք ստեղծագործ փոխազդեցութեան մէջ մտնել համաշխարհայնացման հետ եւ, միաժամանակ, պահպանել այն արժէքները, որոնք կ՚ապահովեն եւ կը հիմնաւորեն մեր ինքնութիւնը։
- Երկրորդ դիտողութիւնս մեր եկեղեցւոյ կը վերաբերի։ Հայ Եկեղեցին քրիստոնէութեան ամենահին եկեղեցիներէն մէկն է։ Արագօրէն ու արմատապէս փոխուող աշխարհի մը մէջ, եկեղեցւոյ վերանորոգումը այլեւս այլընտրանք մը չէ, այլ՝ անհրաժեշտութիւն մը։ Վերանորոգումը պարզապէս եկեղեցւոյ կարգ մը երեսներու փոփոխութիւնը կամ վերյարմարեցումը չէ։ Վերանորոգում ըստ էութեան կը նշանակէ մեր եկեղեցին դարձնել 21րդ դարու եկեղեցի մը, պատասխանելով ժողովուրդի նոր իրականութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն. կը նշանակէ եկեղեցին դարձնել ապրող, վկայող, ծառայող իրականութիւն մը։
- Երրորդ դիտողութիւնս իբրեւ համայնք մեր ինքնըմբռնումի մասին է։ Ո՞վ ենք մենք։ Այս հարցումը կրնայ քիչ մը տարօրինակ թուիլ, բայց կարեւոր հարցում մըն է։ Միացեալ Նահանգներ ապրող հայե՞ր ենք։ Ամերիկացած հայե՞ր ենք։ Ուսանող էի հոս, Նիւ Եորքի մէջ, երբ 1976ին Միացեալ Նանանգները նշեցին անկախութեան 200ամեակը։ Ասիկա առիթ մըն էր, որ շատ մը համայնքներ իրենց յատուկ ինքնութիւնը վերահաստատեն։ Կը յիշեմ Ալեքս Հէյլիի ծանօթ «Արմատներ» (Roots) հատորը։ Միացեալ Նահանգները ազգային ու կրօնական այլազանութեան երկիր մըն են, եւ այս այլազանութիւնը միաւորողը հասարակաց ամերիկեան արժէքներն են։ ԱՄՆի համայնքներէն մէկն ենք եւ հետեւաբար պէտք է հպարտ ըլլանք մեր ինքնութեամբ, ինչպէս կ՚ընեն այլ համայնքներ։ Պէտք է յստակ զատորոշում մը ընենք համարկման եւ ձուլման միջեւ։ Մենք, անշուշտ, կողմնակից ենք համարկման, մնալով ամերիկեան ընկերութեան ամբողջական ու անբաժան մէկ մասը։ Մենք դէմ ենք ձուլման՝ ամերիկեան ընկերութիւնը յատկանշող ձուլարանին մէջ։
- Իբրեւ ազգ, կը գտնուինք մեր արդի պատմութեան ճակատագրական հանգոյցի մը մէջ։ Անորոշութիւն, լարուածութիւն եւ բեւեռացում կը տիրեն Հայաստանի ու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ։ Արցախի ողբերգութենէն ետք, Հայաստան նոր վտանգներու ենթակայ է։ Իբրեւ Սփիւռք, չենք կրնար անտարբեր մնալ։ Մենք կոչուած ենք առանձնացնելու աշխարհաքաղաքական նորանոր իրականութիւնները, որոնք, դժբախտաբար, Հայաստանի ի նպաստ չեն։ Կ՚ուզեմ յստակօրէն ըսել, թէ փոփոխութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, փոփոխութիւնը՝ մեր հասարակաց կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Չենք կրնար շարունակել մեր ընթացքը՝ մենք մեզ կրկնելով, անցեալը ապրելով ներկային մէջ եւ մեր կեանքի ուղեցոյցը նշանախօսքերը դարձնելով։ Պէտք է իրապաշտ ըլլանք։
Պէտք ունինք քարիզմաթիք եւ տեսլապաշտ ղեկավարներու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, որոնք կարողութիւնը ունենան ժամանակի նշանները կարդալու եւ ըստ այնմ մեր հայրենիքն ու ազգը առաջնորդելու, իբրեւ ուղեցոյց պահելով մեր ազգի գերագոյն արժէքներն ու շահերը։
Պէտք է զարգացնենք նոր ռազմավարութիւն մը՝ մեր հայրենիքի ու Սփիւռքի դիմագրաւած նոր մարտահրաւէրներու եւ պարագաներու ի տես։
Պէտք է ձերբազատինք անշարժացած մտածողութենէ, տոկմաթիք մօտեցումներէ եւ կարծրատիպերէ, որոնք կը տիրեն մեր ընկալումներուն եւ արարքներուն վրայ։ Պէտք է զարգացնենք նոր ռազմավարութիւններ եւ մեթոտաբանութիւններ, որոնք յառաջ եկող իրականութիւններու համապատասխան են եւ հիմնաւորուած՝ մեր ազգի իտէալներով։
Ես խորապէս կը հաւատամ, որ մեր երիտասարդութիւնը, իր ստեղծագործ մտքով եւ հեռանկարային տեսիլքով, էական դեր կրնայ խաղալ մեր ազգն ու հայրենիքը բանալու աւելի լայն տարածքներու եւ հորիզոններու առջեւ։