Առաջնորդարանէն

ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ՀՕՏ ՄԸ ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐԷ ԻՐ ՀՈՎԻՒԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորելու աւելի պատշաճ առիթ մը չէր կրնար ըլլալ, քան Գոհաբանութեան ճաշկերոյթը «Ռոքֆէլլըր Սենթըր»ի Rainbow Roomին մէջ, Նիւ Եորք։ Եօթը երկար ու բախտորոշ տարիներ անցած էին Վեհափառ Հայրապետի վերջին այցելութենէն 2016ին։ Շատ բան պատահեցաւ միջոցին, եւ ո՛չ անպայման դրական բնոյթի։ Յստակ ու մեկին ճշմարտութիւններով լեցուն իր պատգամով, ուր կ՚անդրադառնար Հայրենիքի ու Սփիւռքի մէջ մեր ազգի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, Նորին Սրբութիւնը նաեւ վերահաստատեց իր առաջնորդութիւնը, որուն այնքան պէտք ունի իր հօտը փորձանալից այս ժամանակաշրջանին, եւ ուրախութիւն ընծայեց հաւաքոյթին՝ համայնքի անդամներու աշխատասիրութիւնն ու նուիրումը գնահատելով։ Ինչպէս նկարները ցոյց կու տան, իսկապէս առիթ մըն էր շնորհակալութիւն յայտնելու մեր օրհնութիւններուն համար, ներառեալ՝ իմաստութիւնը, մեր առջեւ գտնուող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու։