Առաջնորդարանէն

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբերին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Վատիկանի ներկայացուցիչը՝ արքեպիսկոպոս Կապրիէլէ Գաչիա, հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։

Վեհափառ Հայրապետին մօտէն ծանօթ ըլլալով, Վատիկանի ներկայացուցիչին հանդիպումը տեւեց շուրջ երկու ժամ, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։ Քննարկումներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեցին Արցախի հարցը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի սերտ յարաբերութիւնները։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ պարզելու Նորին Սրբութեան տեսակէտները եւ Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուած աշխատանքները, միաժամանակ իմանալու Վատիկանի մօտեցումները վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ։