Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ (ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ) 20.000 ՏՈԼԱՐ ՀԱՒԱՔԱԾ Է ԱՐՑԱԽԻ ՖՈՆՏԻՆ ՀԱՄԱՐ

Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանի կազմակերպած հանգանակութիւնը կրկնապատկած է 10.000 տոլարի իր սկզբնական նպատակը։ Այս գումարը հաւաքուած է «Միասին՝ Արցախահայութեան համար»  հանգանակութեան ի նպաստ։

«Երբ Սրբազան Հայրը խնդրեց մեզմէ դրամ հաւաքել Արցախի համար, յաջորդ Կիրակին սկսանք հանգանակութեան, յորդորելով մեր ծխականները, որ իրենց ազատ կամքով նուիրատուութիւններ կատարեն», ըսաւ Տէր Հայրը, վերջին օրերուն 20.000 տոլարի վճարագիրը ուղարկելու միջոցին։ «15 Հոկտեմբերին, ներշնչուելով Ս. Գիրքի օրուան ընթերցումէն, ուր կար այրի կնոջ լումայի պատմութիւնը, խոստացայ շաբաթական 100 տոլար նուիրել մինչեւ որ 10.000 տոլարի նպատակին հասնէինք»։

Դժուար որոշում մըն էր, ըսաւ Տէր Անդրանիկ, որ ինքզինքին հարց տուաւ, թէ կրնար ասիկա ընել։ «Եւ պատասխանս եղաւ՝ կրնա՞մ ասիկա չընել», յայտնեց ան։ «Ճգնաժամային վիճակին դիմաց, զգացի, որ պէտք էր օրինակ հանդիսանայի՝ ուրիշներէ ակնկալութիւն ունենալէ առաջ»։

Այդ Կիրակի առաւօտեան, քարոզի ընթացքին, Անդրանիկ Աւագ Քահանայ 100 տոլարի թղթադրամ մը հանելով, թոռան խնդրեց, որ Արցախի դրամահաւաքի տուփին մէջ դնէր։ «Մեր ժողովուրդին մարտահրաւէր կարդացի, որ կա՛մ իմ նուիրատուութեանս հաւասար նուիրէին ամէն շաբաթ եւ կա՛մ յանձնառու ըլլային նուազ գումարի մը, որ հետեւէր Աւետարանի պատգամին՝ մէկու մը չունեցածէն եւ ո՛չ թէ մէկու մը աւելցածէն տալու», ըսաւ։ «Ամէն շաբաթ, մարտահրաւէրին համապատասխանող նուէրները աւելցան, ինչպէս եւ աւելի կամ պակաս գումարները»։

Այսպէսով, ծուխը մէկ ամսուան ընթացքին 11.500 տոլար հաւաքեց, ինչ որ պատմութեան վերջը չեղաւ։

Արդարեւ, Տէր Հայրը հեռաձայն ստացաւ եկեղեցւոյ անդամ չեղող  անհատէ մը, որ դիմեց իրեն ջնջել տալու Նոյեմբերի սկիզբը նախատեսուած պազարը, քանի որ մարդիկ կը տառապէին Հայաստանի մէջ։ «Այդ անձին ըսի, թէ նման բան պիտի չըլլար, որովետեւ այս ձեռնարկին եկամուտը կ՚օգնէ եկեղեցւոյ պիւտճէի հաւասարակշռումին, որպէսզի ան շարունակէ հայերուն օգնել աշխարհով մէկ», ըսաւ։ «Քանի մը հոգիի հետ խօսեցայ, որպէսզի պազարին մէջ Արցախին տրամադրուէր տեղ մը, ուր կարելի ըլլար նուիրուատուութիւն կատարել»։

Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսուչը՝ Նայիրի Պալճեան-Պէլ, որ Տէր Հօր դուստրն է, եւ ծնողական յանձնախումբը ընդունեցին թելադրանքը եւ որոշեցին տաղաւար մը հաստատել «Հրեշտակներ Արցախի համար» անունով, ուր մարդիկ կրնային իրենց նուէրը տալ եւ, ըստ տրուած գումարին, աղօթք գրել կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն կամ ճերմակ հրեշտակի մը վրայ, որ պիտի կախուէր յատուկ տօնածառէ մը։

«Այդ տաղաւարը, փոխանակ ակնկալուած հարիւրաւոր տոլարները բերելու, աւելի քան 8.000 տոլար հաւաքեց, որ շաբաթական ներքին դրամահաւաքի գումարներուն միանալով, ընդամէնը 8.500 տոլարի անակնկալ գումարը բերաւ Արցախի համար», ըսաւ Տէր Հայրը։ Այսպէս հաւաքուած է 20.000 տոլարի պատկառելի գումարը։ «Ես զայն կը կոչեմ հրեշտակներու հրաշքը»։