ԿԻՐԱԿԻ, 17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ Դ․ ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 38:1-8
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 17:1-10
Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.
– Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ’իյնան: Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր: Հետեւաբար, զգուշացէ՛ք: Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն: Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ՝ «Կը զղջամ», պէտք է ներես իրեն:
Առաքեալները ըսին Տիրոջ.
– Աւելցո՛ւր մեր հաւատքը:
Տէրը ըսաւ.
– Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք եւ ըսէք այս թթենիին. «Արմատախիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ», պիտի հնազանդի ձեզի:
– Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը ծառայ մը ունի, որ հողագործ է կամ հովիւ: Երբ ծառան դաշտէն դառնայ եւ տուն մտնէ, տէրը իրեն կ’ըսէ՞. «Անմիջապէս գնա՛, ճաշդ կեր»: Բնականաբար ո՛չ: Ընդհակառակը, անոր կ’ըսէ. «Ընթրիքս պատրաստէ եւ գոգնոցդ կապելով սպասարկէ՛ ինծի, մինչեւ ընթրիքս վերջացնեմ, անկէ ետք կրնաս ուտել ու խմել»: Կը կարծէ՞ք որ տէրը իր ծառային երախտապարտ պէտք է ըլլայ իր հրահանգները կատարելուն համար: Չեմ կարծեր: Դուք ալ նոյնպէս, երբ կը կատարէք ինչ որ հրամայուած է ձեզի, ըսէք. «Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք»:
ՆԱՄԱԿ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:1-14
Անցեալին բազմաթիւ անգամներ եւ բազմաթիւ կերպերով Աստուած մեր հայրերուն խօսեցաւ մարգարէներուն միջոցաւ, իսկ այս վերջին օրերուն մեզի խօսեցաւ իր Որդիին միջոցաւ: Աստուած զինք ամէն բանի ժառանգորդ կարգեց եւ անոր միջոցաւ էր որ տիեզերքը ստեղծեց: Որդին, Հօրը փառքին լոյսը եւ անոր էութեան ճշգրիտ պատկերը, որ իր խօսքին զօրութեամբ տիեզերքը կը պահէ, իր անձով մեր մեղքերը սրբելէ ետք՝ երկինքի մէջ նստաւ Աստուծոյ՝ Գերագոյն Զօրութեան, աջ կողմը:
Անիկա շատ աւելի բարձր է հրեշտակներէն, ինչպէս Աստուծմէ իրեն տրուած գերազանց անունը ցոյց կու տայ. որովհետեւ ո՞ր մէկ հրեշտակին երբեւիցէ Աստուած ըսաւ. «Դուն իմ Որդիս ես, այսօր քեզ ծնայ»: Կամ ո՞ր մէկ հրեշտակին ըսաւ. «Ես անոր Հայր պիտի ըլլամ եւ անիկա՝ ինծի Որդի»: Դարձեալ, երբ իր անդրանիկ Որդին աշխարհ կը ղրկէր, ըսաւ.
«Աստուծոյ բոլոր հրեշտակները թող պաշտեն զայն»:
Աստուած իր հրեշտակներուն մասին խօսած ատեն, կ’ըսէ.
«Աստուած իր հրեշտակները ստեղծեց
որպէս պատգամաւոր հոգիներ,
եւ իրեն ծառայողները՝ կրակի բոցի պէս»:
Մինչդեռ Որդիին կ’ըսէ.
«Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտենական է.
արդարութեամբ կ’իշխես թագաւորութեանդ վրայ:
Արդարութիւնը կը սիրես
եւ անիրաւութիւնը կ’ատես:
Ահա թէ ինչու, ո՛վ Աստուած,
քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ,
քու ընկերներէդ աւելի»:
Դարձեալ, ուրիշ տեղ մը Որդիին կ’ըսէ.
«Դուն, ո՛վ Տէր, սկիզբէն ստեղծեցիր երկիրը:
եւ երկինքը քու ձեռագործդ է:
Անոնք պիտի կորսուին.
բայց դուն կաս եւ կը մնաս:
Անոնք հագուստի պէս պիտի մաշին.
վերարկուի մը պէս պիտի ծալլես զանոնք
եւ հագուստի մը պէս փոխես:
Բայց դուն միշտ նոյնն ես
եւ քու տարիներդ վերջ պիտի չունենան»:
Բայց հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ երբեք.
«Աջ կողմս նստէ,
մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ
որպէս պատուանդան»:
Չէ՞ որ հրեշտակները Աստուծոյ ծառայող հոգիներ են եւ իր կողմէ կը ղրկուին օգնելու համար անոնց՝ որոնք փրկութիւնը պիտի ժառանգեն: